ՕՐԹԱԳԻՒՂԻ ԹԱՐԳՄԱՆՉԱՑ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ՆՇՈՒԵՑԱՒ ՄԱՅՐԵՐՈՒ ՕՐԸ

Օր­թա­գիւ­ղի Թարգ­ման­չաց վար­ժա­րա­նին մէջ շաբա­թա­վեր­ջին Մայ­րե­րու օ­րուան առ­թիւ տե­ղի ու­նե­ցաւ ե­զա­կի հան­դի­սու­թիւն մը։ Այս­պէս, ման­կա­պար­տէ­զի փոք­րիկ­նե­րը ան­մո­ռա­նա­լի օր մը պար­գե­ւե­ցին ի­րենց մայ­րե­րուն։ Ա­ւե­լի քան շա­բաթ մը ման­կա­պար­տիզ­պա­նու­հի­նե­րու հսկո­ղու­թեան ներ­քեւ կա­տարուած պատ­րաս­տու­թիւն­նե­րուն ար­դիւն­քը ե­ղաւ իս­կա­պէս տպա­ւո­րիչ։ Փոք­րիկ­նե­րը հան­դէս ե­կան եր­գե­րով, ար­տա­սա­նու­թիւն­նե­րով ու պա­րե­րով, նաեւ որ­պէս յի­շա­տակ՝ ի­րենց պատ­րաս­տած ձե­ռա­գործ ի­րե­ղէն­նե­րը նուի­րե­ցին մայ­րե­րուն։

Հան­դէ­սի ա­ւար­տին Մայ­րե­րու օ­րուան առ­թիւ կտրուե­ցաւ կար­կան­դակ մը եւ յա­ջոր­դած ըն­դու­նե­լու­թեան տե­ւո­ղու­թեան շա­րու­նա­կուե­ցաւ տօ­նա­կան մթնո­լոր­տը։

Չորեքշաբթի, Մայիս 13, 2015