ՇԻՇԼԻԻ ՄԻՆՉԵՒ 16 ՏԱՐԵԿԱՆՆԵՐՈՒ ՊԱՍՔԵԹՊՈԼԻ ԽՈՒՄԲԸ ԻՍԹԱՆՊՈՒԼԻ ԱԽՈՅԵԱՆ

Շիշլի մարզակումբի մինչեւ 16 տարեկաններու պասքեթպոլի կազմը արձանագրեց բացառիկ յաջողութիւն մը։ Այսպէս, շիշլիցիները 2021-2022 շրջանի Իսթանպուլի զարգացման լիկի ախոյեանը հանդիսացան։ Մրցաշարքի յաջողագոյն մարզիկն ալ դարձաւ Շիշլիի կազմէն Առէն Գամառ, ինչ որ ստեղծուած խանդավառութիւնը բազմապատկեց։ Շիշլիի կազմը մրցաշարքի ծիրէն ներս վեց մրցումի վրայ հինգ յաղթանակ ապահովեց։ Եզրափակիչը աննախընթաց մրցապայքարի մը թատերաբեմը հանդիսացաւ՝ մինչ մարզակումբի վարչայիններն ալ մարզիկները խրախուսեցին իրենց ներկայութեամբ։ Հուսկ, 75-74 արդիւնքով շիշլիցիները հասան առաւելութեան ու նուաճեցին ախոյեանի բաժակը։ Ակումբի վարչայինները յոյս յայտնեցին, թէ ապագային տղաքը ա՛լ աւելի մեծ յաջողութիւններ կ՚արձանագրեն։ Շիշլիի մինչեւ 16 տարեկաններու պասքեթպոլի կազմին մէջ են՝ Արատ Տուրնա, Առէն Գամառ, Առէն Թաշ, Առէն Պարունվարդեան, Պաթու Էֆէ Իփէք, Ռոպին Հիճազօղլու, Արտէն Ինճէկիւլ, Հարուն Սեդրակ Էօզտողան, Առէն Կեչէր, Արի Լեւոն Շահինօղուլլարընտան, Տայք Միլոշեան, Էտվին Աքմերճան եւ Առնօ Աքմերճան։

Կը շնորհաւորենք ախոյեան շիշլիցիները՝ մաղթելով նորանոր յաջողութիւններ։

Երկուշաբթի, Յունիս 13, 2022