ԴԷՊԻ ԼՈՒՍԱՒՈՐ ԱՊԱԳԱՅ
Համայնքային ընտրութիւններու գործընթացը կը շարունակուի ամբողջ թափով։ Թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքը շաբաթներէ ի վեր կ՚ուղղորդուի իրերայաջորդ քուէարկութիւններով։ Այս շարքը պիտի եզրափակուի դեկտեմբերի 25-ին՝ Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի ընտրութեամբ։ Թէեւ Պէյօղլուին համար նախատեսուած է վերջին քուէարկութիւնը, սակայն, հասկնալի պատճառներով համայնքէն ներս ամենավառ հետաքրքրութեան առարկայ կէտերէն մին է այս մէկը։ Բաւական լուրջ ընտրապայքար մը կայ Պէյօղլուի պարագային, ընտրական համակարգն ալ մնացեալ բոլոր թաղերէն աւելի տարբեր է։ Ցուցակներու ձեւաչափով թեկնածութիւն առաջադրելու հնարաւորութիւն չէ ընձեռուած ընտրական մարմնին կողմէ։ Ուստի, բազմապատիկ ցանկէ մը մեր համայնքի ընտրողները քուէաթերթիկի վրայ պիտի նշանակեն իրենց նախընտրած թեկնածուները։
Այս ամբողջին մէջ «Լուսաւոր ապագայ Պէյօղլու» խմբաւորումը առանձնակի ուշադրութեան կ՚արժանանայ համայնքէն ներս։ Հեղինակաւոր դէմքերէ բաղկացեալ խմբաւորում մըն է այս մէկը, որու անդամները համախոհութիւն մը կազմած են եւ այս փուլին կ՚ակնկալեն մեր ժողովուրդին զօրակցութիւնը՝ Պէյօղլուէ ներս իրենց տեսլականը կեանքի կոչելու համար։ Անոնք կը ձգտին Պէյօղլուն առաջնորդել դէպի լուսաւոր ապագայ եւ այս ճանապարհին վրայ համայնքային շրջանակներու անվերապահ զօրակցութիւնը կը վայելեն։
Երէկ երեկոյեան Ֆէրիգիւղի «Նազար Շիրինօղլու» սրահին մէջ «Լուսաւոր ապագայ Պէյօղլու» խմբաւորումը կազմակերպեց հաւաքոյթ մը, որուն լայն մասնակցութիւն բերին համայնքային շրջանակները։ Թեկնածուները հանդէս եկան ելոյթներով, որոնց ընթացքին մի առ մի ներկայացուցին իրենց մտադրութիւնները եւ Պէյօղլուի ապագային վերաբերեալ իրենց մօտեցումները։ Անոնք պատասխանեցին նաեւ ներկաներու կողմէ ուղղուած հարցումներուն։
Հուսկ, բոլորը կոչ ուղղեցին մեր համայնքին, որպէսզի ուշադրութեամբ եւ զգայնութեամբ յաղթահարուին՝ ընտրական համակարգին մէջ արհեստականօրէն յառաջացուած խնդիրները։ Անոնք կ՚ակնկալեն, որ մեր համայնքի անդամները քուէարկութեան օրը ցուցաբերեն առաւել գիտակցութիւն եւ այս ցուցակը պաշտօնի կոչեն իր ամբողջութիւնով, որպէսզի կարելի ըլլայ Պէյօղլուի մէջ առագաստ բանալ դէպի լուսաւոր ապագայ։
«Լուսաւոր ապագայ Պէյօղլու» խմբաւորման թեկնածուներն են՝ Աքսել Թոփալեան, Խաչիկ Ճանէլ, Շէյտա Երկանեան-Նանեան, Լենա Ենիեորկան, Այգ Նալպանտղազարօղլու, Ռաֆֆի Սիւզմէ, Շուշանիկ Ենիճէ, Նեւզաթ Տեմիրճի, Առէն Տատըրօղլու, իսկ պահեստի անդամներու թեկնածուներն են՝ Զարեհ Քարաքաշ, Քամի Չանքըրը, Սայաթ Կիւրիւն եւ Թաշքըն Էօզտեմիր։