ԻՍԹԱՆՊՈՒԼԻ ՈՒՐՈՅՆ ՎԷՊԸ

Սթրազ­պուր­կի մէջ վեր­ջին եր­կու օ­րե­րուն տե­ղի ու­նե­ցաւ մի­ջազ­գա­յին գի­տա­ժո­ղով մը, որ խո­րագ­րուած էր ըստ հե­տե­ւեա­լի. «Իս­թան­պու­լի վէ­պը. Ա­րե­ւե­լեան Մի­ջերկ­րա­կա­նէ ներս գրա­կան կեդ­րո­նի մը մէջ ար­դիա­կա­նու­թիւն, բազ­մա­ձայ­նու­թիւն ու բազ­մա­լե­զուու­թիւն»։ Սթ­րազ­պուր­կի հա­մալ­սա­րա­նի Թրքա­կան հե­տա­զօ­տու­թիւն­նե­րու բաժ­նի, նաեւ Ա­րե­ւե­լեան, սլաւ եւ նոր-հե­լլէ­նա­կան հե­տա­զօ­տու­թիւն­նե­րու խմբա­կի հա­մա­տեղ նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ կազ­մա­կեր­պուած էր այս մի­ջազ­գա­յին գի­տա­ժո­ղո­վը, ո­րու աշ­խա­տանք­նե­րը տե­ղի ու­նե­ցան հիւ­րըն­կալ հա­մալ­սա­րա­նի «College Doctoral Européen» մաս­նա­շէն­քէն ներս։

Այս գի­տա­ժո­ղո­վի ըն­թաց­քին տա­րուած աշ­խա­տան­քը կեդ­րո­նա­ցաւ եր­կու հիմ­նա­կան ա­ռանցք­նե­րու վրայ։ Ա­ռա­ջին ա­ռանց­քին շուրջ Իս­թան­պու­լը խո­շո­րա­ցոյ­ցի տակ առնուե­ցաւ՝ որ­պէս կեդ­րոն մը, ուր կը հրա­տա­րա­կուին վէ­պեր։ Իսկ երկ­րորդ ա­ռանց­քին շուրջ Իս­թան­պու­լը լու­սար­ձա­կի տակ բերուե­ցաւ՝ որ­պէս քա­ղաք մը, որ ներշն­չան­քի աղ­բիւր կը հան­դի­սա­նայ իր ու­րոյն վէ­պի ստեղ­ծա­գոր­ծու­թեան տե­սա­կէ­տէ։

Գի­տա­ժո­ղո­վի ըն­թաց­քին մաս­նա­ւոր նիստ մը յատ­կա­ցուե­ցաւ հայ­կա­կան վէ­պին։ Այս նիս­տը վա­րեց հե­ղի­նա­կա­ւոր ա­կա­դե­մա­կան մը՝ Եո­հան Շթրաուս։ Ա­տե­նա­խօս­նե­րու շար­քին կը գտնուէին պոլ­սա­հայ եր­կու մտաւո­րա­կան­ներ՝ պատ­մա­բան Այ­լին Գօ­չու­նեան եւ գրա­կա­նա­գէտ Սե­ւան Տէ­յիր­մեն­ճեան։ Միւս ա­տե­նա­խօս­ներն էին Փա­րի­զէն՝ Փը­նար Քա­րա­քըլ­չըք եւ Սթրազ­պուր­կէն Սա­միմ Աք­կէօ­նիւլ։

Փը­նար Քա­րա­քըլ­չըք իր զե­կուց­ման մէջ կանգ ա­ռաւ Յով­սէփ Քուր­պա­նի կող­մէ 1885 թուա­կա­նին հե­ղի­նա­կուած հա­յա­տառ թրքե­րէն «Ի­քի գա­բու եոլ­տաշ­լա­րը» խո­րագ­րեալ վէ­պին վրայ։ Սա պատ­մա­կան Բե­րա­յի վե­րա­բե­րեալ վէպ մըն է։

Սա­միմ Աք­կէօ­նիւլ խօ­սե­ցաւ Զա­ւէն Պի­պեռ­եա­նի «Մրջիւն­նե­րու վեր­ջա­լոյ­սը» վէ­պին մա­սին։ Ինչ­պէս ծա­նօթ է, այս գոր­ծը 1970 թուա­կա­նին որ­պէս թեր­թօն հրա­տա­րա­կուած է ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ օ­րա­թեր­թին մէջ։ Սա­միմ Աք­կէօ­նիւլ 1993 թուա­կա­նին «Ա­րաս» հրա­տա­րակ­չու­թեան կող­մէ գիր­քի վե­րա­ծուած այս վէ­պը հա­մե­մա­տեց Վե­տաթ Թիւր­քա­լիի կող­մէ հե­ղի­նա­կուած ու նոյն շրջա­նին վրայ լոյս սփռած «Կիւ­վէն» խո­րագ­րեալ վէ­պին հետ։

Սե­ւան Տէ­յիր­մեն­ճեա­նի զե­կու­ցու­մը ձօ­ն-ւած էր Ե­րուանդ Օ­տեա­նին։ «Ե­րուանդ Օ­տեան. Ապ­տիւլ­հա­միտ եւ Շեր­լոք Հոլմս. վէ­պի մը պատ­մու­թիւ­նը» խո­րագ­րեալ զե­կուց­ման մէջ ան բա­ցատ­րեց, որ Ե­րուանդ Օ­տեան տաս­ներ­կու տա­րուան աք­սո­րէն Իս­թան­պուլ վե­րա­դար­ձին «Ա­րե­ւելք» թեր­թին մէջ հրա­տա­րա­կած էր «Ապ­տիւլ­հա­միտ եւ Շեր­լոք Հոլմս»ը եւ ան­մի­ջա­պէս վերջ ալ «Բիւ­զան­դիոն» թեր­թին մէջ թեր­թօ­նի ձե­ւա­չա­փով լոյս ըն­ծա­յած էր ու­րիշ գոր­ծ մը, որ ա­ռա­ջի­նին շա­րու­նա­կու­թիւ­նը կը հա­մա­րուէր։

Իր կար­գին, Այ­լին Գօ­չու­նեանն ալ Սրբու­հի Տիւ­սա­բի եւ Զա­պէլ Ե­սա­յեա­նի ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րուն հի­ման վրայ զե­կու­ցում մը ներ­կա­յա­ցուց Իս­թան­պու­լի հայ­կա­կան վէ­պին մա­սին։ Ան յի­շեալ եր­կու յայտ­նի հե­ղի­նակ­նե­րու ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րը ծա­նօ­թա­ցուց՝ վի­պա­պաշ­տու­թեան, ար­դա­րու­թեան եւ ֆե­մի­նիզ­մի մի­ջեւ տա­րու­բե­րում­նե­րով եւ զգայ­նու­թիւն­նե­րով։ Միեւ­նոյն ժա­մա­նակ կա­նանց ի­րա­ւունք­նե­րու պաշտ­պան այդ եր­կու հե­ղի­նակ­նե­րու գոր­ծե­րու լոյ­սին տակ Այ­լին Գօ­չու­նեան մեկ­նա­բա­նեց ընդ­հան­րա­պէս տուեալ շրջա­նը, հա­սա­րա­կա­կան կեան­քէ ներս ա­մուս­նու­թեան նշա­նա­կու­թիւ­նը, կա­նանց ու հա­սա­րա­կու­թեան ա­ւան­դա­կան ար­ժէք­նե­րուն բա­խու­մը։ Ան խօ­սե­ցաւ նաեւ Սրբու­հի Տիւ­սա­բի եւ Զա­պէլ Ե­սա­յեա­նի գոր­ծե­րուն ու­նե­ցած անդ­րա­դար­ձին մա­սին՝ հայ­կա­կան հա­սա­րա­կու­թեան պահ­պա­նո­ղա­կան սահ­ման­նե­րէն ներս։

Գի­տա­ժո­ղո­վին տե­ւո­ղու­թեան հե­ղի­նա­կա­ւոր մաս­նա­գէտ­ներ զա­նա­զան ե­րե­սակ­նե­րով մեկ­նա­բա­նե­ցին այս ծա­ւա­լուն նիւ­թը, ո­րու քննար­կում­նե­րէն դուրս չմնա­ցին նաեւ Իս­թան­պու­լի միւս փոք­րա­մաս­նա­կան հա­ւա­քա­կա­նու­թիւն­նե­րը։

Ուրբաթ, Ապրիլ 14, 2017