ԱՄԵՆԱՊԱՏԻՒ ՍՐԲԱԶԱՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՍԿԻՒՏԱՐԻ Ս. ԿԱՐԱՊԵՏ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԹԱՂԱԿԱՆՆԵՐԸ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Սկիւտարի Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Ռաֆֆի Գրիգորեանն ու գործակից ընկերները։ Հանդիպման ներկայ էր նաեւ հոգեւոր հովիւ Տ. Պետրոս Քհնյ. Պուլտուքեան։ Յառաջիկայ յուլիսի սկիզբին, Պայծառակերպութեան տօնին, ըստ ընկալեալ սովորութեան պիտի կատարուի Սկիւտարի Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ անուան տօնախմբութիւնը։ Արարողութիւններուն ընդառաջ թաղականները Պատրիարքարան այցելեցին՝ ստանալու համար Նորին Ամենապատուութեան օրհնութիւնը։ Զրոյցի ընթացքին անոնք Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր տեղեկութիւններ տուին եկեղեցւոյ վերջին կացութեան եւ թաղային խորհուրդի գործունէութեան ամենաթարմ երեսակներուն շուրջ։
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը գնահատանքով ունկնդրեց իրեն ներկայացուած բացատրութիւններուն եւ յաջողութիւն ու կարողութիւն մաղթեց թաղային խորհուրդի գործունէութեան համար։