ԱՂՄԿԱՐԱՐ ՀՐԱԺԱՐԱԿԱՆ
Թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս վերջին շրջանին հրատապ օրակարգի մը վերածուած են «İtimat Bürosu»ին վերաբերեալ իրադարձութիւնները։ 2016 թուականէն ի վեր երէցկին Նարօտ Միւրզօղլուի կողմէ կը համակարգուի այս գրասենեակի գործունէութիւնը։ Սոյն կառոյցը համայնքային հաստատութիւններուն համար կատարուած նուիրատուութիւնները կը հաւաքէ եւ զանոնք տեղ կը հասցնէ՝ ստանալով տասանորդ մը։ Երէկ, Նարօտ Միւրզօղլու ընկերային ցանցերու վրայ հրապարակեց յայտարարութիւն մը, որով տեղեկացուց, թէ այսօրուան դրութեամբ կը դադրեցնէ այս գրասենեակին վերաբերեալ գործունէութիւնը։ Ան յայտնեց, որ իր հրաժարականի որոշման համամիտ գտնուած են Թրքահայ վաքըֆներու միութեան (ԹՎՄ-ERVAB) ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու եւ ԹՎՄ-ի ելմտական յանձնախումբի ատենապետ Հերման Կիւրճեան։
Նարօտ Միւրզօղլուի հրաժարականին մէջ նշուած է, որ որոշուած է նուիրատուութիւնները իրենց հասցէատէրերուն հասցնել 60 օր վերջ եւ այս ուղղութեամբ տեղեակ պահուած է նաեւ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան։
Յայտարարութեան բովանդակութեան մէջ յստակ չէ, թէ այս որոշումը որո՛ւ կողմէ եւ ի՛նչ նպատակով առնուած է։
«İtimat Bürosu»ի վերաբերեալ իրադարձութիւնները հանրային կարծիքի անմիջական ուշադրութեան առարկայ կը դառնան։ Թրքահայ համայնքի անհատները, անշուշտ, կը փափաքին երաշխաւորուած զգալ, թէ իրենց նուիրատուութիւնները տեղ կը հասնին ու կը ծառայեն իրենց նպատակին։ Համայնքային կեանքէն ներս այժմ ամէն ինչ հունէ դուրս եկած վիճակ մը ունի եւ բոլոր առումներով մեր ժողովուրդը ցաւով կը վկայէ, թէ սնանկ վարչամեքենայ մը կայ իր աչքին առջեւ։ Առկայ խնդիրներուն համար համակարգային լուծումներու գտնուիլը մէկ կողմ, նոյնիսկ առերեւոյթ գործող համակարգերը կը խարխլուին բոլորի աչքին առջեւ։ Վերահսկելիութենէ եւ հակակշիռէ դուրս են բոլոր մարմիններու գործունէութիւնները, ինչ որ այսօր ահազանգային համեմատութիւններու կը հասնի։ «İtimat Bürosu»ի խնդիրը միայն հերթական օրինակ մըն է այս առումով։ Համայնքային շրջանակները ներկայիս կը սպասեն, թէ նուիրահաւաքման համակարգին վերաբերեալ ինչպիսի նոր կարգադրութիւններ պիտի ըլլան յառաջիկային։
Թրքահայ կեանք
- 12/04/2024