ԹԵՀՐԱՆԻ ՄԷՋ ՀԱՅ ԵՐԱԺՇՏԱՍԷՐՆԵՐԸ ՄԵԾ ՀԱՄԱԿՐԱՆՔՈՎ ՈՂՋՈՒՆԵՑԻՆ ՄԵՆԵՐԳՉՈՒՀԻ ՍԻՊԻԼԸ
Համակրելի մեներգչուհի Սիպիլ շաբաթավերջին այցելեց Թեհրան։ Այսպէս, եօթ տարի վերջ իրանահայ երաժշտասէրները դարձեալ հնարաւորութիւն ունեցան Սիպիլը ողջունելու բեմին վրայ։ Ան հանդէս եկաւ մենահամերգներով։ Այս բացառիկ համերգները կազմակերպուեցան Հայ մարզամշակութային «Նայիրի» միութեան արուեստից բաժանմունքին եւ Հայ մարզամշակութային «Սիփան» միութեան արուեստից բաժանմունքին նախաձեռնութեամբ։
Սիպիլ իւրաքանչիւր երգէն առաջ հանդիսատեսի հետ բաժնեց տպաւորութիւններն ու երգի ստեղծման շուրջ պատմութիւնները։ «Նայիրի» սրահի երդիքին տակ կազմակերպուած համերգի ընթացքին հանդէս եկան նաեւ «Սիփան» պարախումբի սաները։
Համերգին ներկայ գտնուեցան Թեհրանի հայոց թեմակալ առաջնորդ Տ. Սեպուհ Արք. Սարգսեան, հոգեւոր հայրեր, Պատգամաւորական ժողովի եւ Թեմական խորհուրդի, ինչպէս նաեւ ազգային մարմիններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներ։
Համերգի աւարտին առաջնորդ սրբազան հայրը գոհունակութիւն յայտնեց համերգի կապակցութեամբ։ «Մեզի այսօր յատկապէս նման նախագիծեր պէտք են։ Մեր ժողովուրդը պէտք է նման խթանիչ ձեռնարկներով հեռու պահել իր մշակոյթէն եւ ինքնութենէն օտարող միջոցներէն», ըսաւ առաջնորդ սրբազան հայրը եւ աւելցուց, որ հայ ժողովուրդի մէջքը նման ծրագիրներով պէտք է ուղղել։
Միւս կողմէ, Սիպիլ Թեհրանի մէջ այցելեց «Արարատ» եւ «Թունեան» հայկական վարժարանները, ուր աշակերտները մեծ ոգեւորութեամբ ու բարձր տրամադրութեամբ դիմաւորեցին երգչուհին։