ՏՕՆԱԿԱՆ ՇՔԵՂ ՀԱՒԱՔ
Գարակէօզեան Տան Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանի սաները երէկ խանդավառ օր մը ապրեցան Մեծ կղզիի մէջ՝ պտոյտով ու հաճելի ժամանցով։ Ս. Աստուածածնի տաղաւարին ընդառաջ տեղացի հայերը կազմակերպեցին շատ ջերմ մթնոլորտով անմոռանալի հիւրասիրութիւն մը։ Կայանի տղոց տեսակէտէ սա բառին բուն իմաստով տօնական շքեղ հաւաք մը հանդիսացաւ։
Առաւօտուն կայանի տղաքը յատուկ մակոյկով մը Գնալը կղզիէն ուղեւորուեցան դէպի Մեծ կղզի։ Խումբը կը վերահսկէին տնօրէնուհի Թամար Ներկիզ եւ հսկիչները։ Մեծ կղզի հասնելէ վերջ տղաքը ձիակառքերով առաջնորդուեցան տեղւոյն Կապոյտ ակումբը, ուր օրուան ընթացքին միասնաբար զուարճացան, ճաշեցին, խաղացին, նաեւ վայելեցին բնութեան գեղեցկութիւնները։
Մեծ կղզիի հայութենէն հիւրընկալ յանձնախումբին մէջ էին՝ Սելմա եւ Պերճ Իսքէնտէրէօզ, Սեդա եւ Արա Սունէր, Սիրանոյշ Ճանէլ, Արփի Կանզէ, Աննա Ուլուք, Կիւլիզար Արթուչ եւ Ժիլտա Մենզիլճեան։
Յետմիջօրէին տղաքը նոյն մասնաւոր մակոյկով բռնեցին վերադարձի ճանապարհը ու վառ տպաւորութիւններով հասան Կազդուրման կայան։