ԽԱՍԳԻՒՂԻ ՆՈՐԸՆՏԻՐ ԹԱՂ. ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ ՍՏԱՑԱՒ ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆԸ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Խասգիւղի երբեմնի Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ նորընտիր թաղային խորհուրդի ատենապետ Սարգիս Չավուշեանն ու իր գործակից ընկերները։ Ներկայ էր նաեւ Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը զրոյցի ընթացքին ջերմօրէն շնորհաւորեց նոր թաղականներուն ընտրութիւնը։ Անոնք պաշտօնական վաւերացում ստանալէ վերջ եկած էին Նորին Ամենապատուութեան օրհնութիւնը ստանալու։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը իրենց մաղթեց յաջողութիւն եւ բեղմնաւոր գործունէութեան շրջան մը։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 15, 2022