ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆԻ ՍԻՐՈՅ ՍԵՂԱՆԸ
Գումգաբուի մէջ երէկ տեղի ունեցաւ Կեդրոնական վարժարանի ի նպաստ տարեկան սիրոյ սեղանը։ Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ այս առթիւ տեղի ունեցան կրօնական եւ աշխարհիկ աւանդական արարողութիւններ, որոնց հանդիսապետեց Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան։ Ներկայ եղանակի վերջին մատաղօրհնութիւնն էր այս մէկը, որու արդիւնքը ընդհանուր առմամբ եղաւ դրական։ Արդարեւ, մեր համայնքը այս տարի յաջողեցաւ հանգանակութեան արդիւնքը առաւելագոյնին հասցնել Կեդրոնականի պարագային։ Համայնքային շրջանակները անտես չառին այն հանգամանքը, որ Կեդրոնական վարժարանը այս տարի պիւտճէի առաւելագոյն բացը ունէր մեր դպրոցներու շարքին։ Ուստի, զոհողութիւնները բարձրացուեցան եւ այս տարուան նուիրահաւաքման արշաւներու ամենաբարձր հասոյթը ապահովուեցաւ։ Սա խնդրի դրական երեսակն էր։ Միւս կողմէ, սակայն, այսքանով հանդերձ հազիւ կարելի եղաւ տարեկան պիւտճէի բացի երկու երրորդը հաւասարակշռել։ Ուստի, Ղալաթիոյ խնամակալութիւնը յառաջիկայ շրջանին դարձեալ յամառ աշխատանք պիտի տանի՝ դպրոցի երթը կայուն պահելու համար։
Երէկ առաւօտեան կանուխ ժամերէն սկսեալ մեծ եռուզեռ ապրուեցաւ Գումգաբուի մէջ։ Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Զատիկ Վրդ. Պապիկեան։ Ներկայ էին նաեւ Տ. Անդրէաս Ա. Քհնյ. Յակոբեան եւ Վաղարշակ Սրկ. Սերովբեան։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Սեդրակ Սրկ. Տավուտհան, Ռոպէր Սրկ. Քիւչիւքաքպուլութ եւ այլ դպիրներ։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Կեդրոնական երգչախումբին կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Սեւան Ակօշեանի եւ երգեհոնահարութեամբ Քրիստին Սալմասլըի։ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան տուաւ օրուան պատգամը։ Յաւարտ արարողութեան տեղի ունեցաւ մատաղի օրհնութիւն եւ երջանկայիշատակ Ներսէս Պատրիարք Վարժապետեանի շիրմին վրայ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն։ Բացի Կեդրոնականի հիմնադիր մեծանուն պատրիարքէն, այս փուլին ոգեկոչուեցան դպրոցի բոլոր սատարողներն ու սպասաւորները։
Կրօնական արարողութիւններէն վերջ յարակից «Պէզճեան» սրահին մէջ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան, որու ընթացքին ստեղծուեցաւ մեծ ոգեւորութիւն։ Աշխարհիկ հանդիսութեան եւս նախագահեց Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, որու կողքին էին հոգեւոր հայրերը, որոնց միացան նաեւ Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեան եւ Քոյր Գայիանէ Տուլքատիրեան։ Մասնակիցներու շարքին էին Սեւ ծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան մօտ Հայաստանի մշտական ներկայացուցիչ Արսէն Աւագեան, ներկայացուցչական խորհրդական Իկոր Մարտիրոսեան, Շիշլիի քաղաքապետարանէն Վազգէն Պարըն, Իսթանպուլի գլխաւոր քաղաքապետի խորհրդականներէն Նատիա Թաշէլ, Վաքըֆներու խորհուրդի մօտ փոքրամասնութեանց ներկայացուցիչ Թորոս Ալճան, բազմաթիւ ծանօթ ազգայիններ, բարերարներ, հասարակական գործիչներ, համայնքային մարմիններու ներկայացուցիչներ, զանազան սերունդներէ կեդրոնականցիներ եւ հիւրեր։ Ատենապետ Յարութիւն Էպէօղլուի կողմէ գլխաւորուած Ղալաթիոյ խնամակալութեան ներկայացուցիչները ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեցին բոլոր ներկաները։
Օրուան յայտագիրը գործադրուեցաւ դպրոցի աշակերտներէն Տայք Միսիսօղլուի հանդիսավարութեամբ։ Ելոյթներով հանդէս եկան Յարութիւն Էպէօղլու եւ դպրոցի տնօրէնուհի Սիլվա Գույումճեան։ Երաժշտական յայտագիր գործադրեցին Լիզէթ Էրէն եւ Մելինէ Թեմելճի։ Ղալաթիոյ խնամակալութիւնը յուշապնակ մը պատրաստած էր սիրոյ սեղանի կարգադիր յանձնախումբի ատենապետ Հայկ Ասլանեանին համար։ Այդ մէկը յանձնուեցաւ ձեռամբ Նորին Սրբազնութեան։
Կեդրոնականի սաները այս տարուան սիրոյ սեղանին ընթացքին ալ իրենց պատգամը փոխանցեցին՝ հետեւելով վերջին տարիներուն ձեւաւորուած նախընթացին։ Անոնք տողանցեցին Կեդրոնականէն հասած կամ անոր հետ առընչակից մեծանուն մտաւորականներու դիմանկարներով ու մէջբերեցին անոնց խօսքերը՝ իբրեւ պատգամ ներկայի համար։ Սիրոյ սեղանը աւարտին հասաւ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի հուսկ բանքով։ Նորին Սրբազնութիւնը հանգանակութեան արդիւնքը գոհացուցիչ համարեց՝ հաշուի առնելով մանաւանդ այս տարուան ընդհանուր կացութիւնը։