ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՂԱԼԱԹԻՈՅ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԱՐԵՒԱԳԱԼԻՆ ՆԱԽԱԳԱՀԵԼԷ ՎԵՐՋ ԱՅՑԵԼԵՑ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Արեւագալի արարողութեան նախագահեց Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ։ Ներկայ էին նաեւ Տ. Գասպար Աբեղայ Կարապետեան եւ Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան՝ ղեկավարութեամբ Էտվին Սրկ. Կալիպօղլուի։ Նորին Ամենապատուութիւնը խօսեցաւ նաեւ քարոզ մը։
Ատենապետ Մկրտիչ Արծիւեանի կողմէ գլխաւորուած Ղալաթիոյ խնամակալութիւնը Արեւագալէն վերջ Պահքի սիրոյ սեղան մը սարքեց եկեղեցւոյ յարակից «Կոլոտ» սրահին մէջ։
Այս բոլորէն վերջ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը այցելեց նաեւ Կեդրոնական վարժարան, ուր ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալուեցաւ՝ տնօրէնուհի Սիլվա Գույումճեանի գլխաւորութեամբ։ Ուսուցչարանին մէջ տեղի ունեցաւ անմիջական հանդիպում մը, որուն ներկայ էին նաեւ ատենապետ Մկրտիչ Արծիւեան եւ գործակից ընկերները, վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Յարութիւն Էպէօղլու եւ այլ պատասխանատուներ։ Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը տեղեկութիւններ քաղեց դպրոցի վիճակին շուրջ եւ բոլորին փոխանցեց իր յաջողութեան մաղթանքներն ու օրհնութիւնները։
Թրքահայ կեանք
- 12/04/2024