ԽԱՆԴԱՎԱՌ ՔԷՐՄԷՍ ՊՈԼՍԱՀԱՅ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԱԿԱՆ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՈՒԹԵԱՆ ԶՕՐԱԿՑԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ

Հա­մայն­քա­յին շրջա­նակ­նե­րը շա­բա­թա­վեր­ջին մաս­նակ­ցու­թիւն բե­րին ե­զա­կի ձեռ­նար­կի մը, որ յատ­կան­շա­կան էր մեր նոր սե­րուն­դի տե­սան­կիւ­նէն։ Այս­պէս, ի նպաստ պոլ­սա­հայ հա­մալ­սա­րա­նա­կան ե­րի­տա­սարդ­ու­թեան տե­ղի ու­նե­ցաւ քէր­մէս մը, որ կազ­մա­կեր­պուած էր ՍԷՎ-ի եւ «Փա­րոս» ամ­սագ­րի հա­մա­տեղ նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ։ 

Ծա­նօթ է, որ իր հիմ­նադ­րու­թե­նէն ի վեր ՍԷՎ որ­պէս գո­յու­թեան նպա­տակ որ­դեգ­րած է մեր հա­մալ­սա­րա­նա­կան ե­րի­տա­սարդ­նե­րուն օ­ժան­դա­կու­թիւն տրա­մադ­րե­լը։ Նոյն նպա­տա­կին զու­գա­հեռ սոյն քէր­մէ­սին շրջագ­ծով հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւն մը հաս­տա­տուած էր ՍԷՎ-ի եւ «Փա­րոս»ի մի­ջեւ։ Այս նա­խագ­ծին գլխա­ւոր մղիչ ու­ժը հան­դի­սա­ցած էր մեր հա­մայն­քէն յայտ­նի գոր­ծա­րար մը՝ Պերճ Կուր­տի­կեան, որ սի­րա­յօժար տրա­մադ­րած էր զա­նա­զան ո­ճե­րով, ո­րա­կեալ հան­դեր­ձե­ղէն­ներ՝ ա­նոնց վա­ճառ­քէն գո­յա­նա­լիք հա­սոյ­թը հա­մալ­սա­րա­նա­կան­նե­րուն տրա­մադ­րե­լու փա­փա­քով։ 

Քա­ղա­քիս Պուլ­կա­ր յա­րա­նուա­նու­թեան ա­ռաջ­նոր­դա­րա­նի սրա­հին մէջ կազ­մա­կեր­պուած քէր­մէ­սին հան­դէպ հա­մայն­քա­յին շրջա­նակ­նե­րը ցու­ցա­բե­րեցին ան­մի­ջա­կան հե­տաքրք­րու­թիւ­ն եւ ար­դիւն­քը ե­ղաւ իս­կա­պէս ող­ջու­նե­լի։ Այ­ցե­լու­նե­րը գտան ի­րենց ճա­շա­կին յար­մար զա­նա­զան զգեստ­ներ եւ այլ ի­րե­ղէն­ներ, ո­րոնց վա­ճառ­քով գո­յա­ցած հա­սոյ­թը պի­տի յատ­կաց­ուի մեր հա­մալ­սա­րա­նա­կան­նե­րու­ն։

Երկուշաբթի, Մարտ 16, 2015