ՏՔԹ. ՅԱԿՈԲ ԱՅՆԹԱՊԼԵԱՆ ԱՅՍ ԱՌԱՒՕՏ ԽՄԲԱԳՐԱՏՈՒՆՍ ԱՅՑԵԼԵՑ
Այս առաւօտ հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու սփիւռքահայ յայտնի մտաւորական՝ տքթ. Յակոբ Այնթապլեանը, որ վերջին տարիներուն Հայաստան հաստատուած է եւ այս օրերուն ձեռնարկի մը առթիւ քաղաքս կը գտնուի։ Այցելութեան ընթացքին իրեն ընկերացան Երեւանէն՝ լրագրող Վահագն Զաքարեան եւ մեր համայնքէն մեներգիչ Արթիւր Պաղտասարեան, որ կ՚ուղեկցի իրեն։
Հաճելի զրոյցի ընթացքին Յակոբ Այնթապլեան վերյիշեց Պոլիս նախորդ այցելութիւնները։ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ ան բազմամեայ գործունէութիւն ծաւալած է՝ որպէս սրտաբան։ Պոլիս նախորդ այցելութիւններէն ոմանք մասնագիտական բնոյթ ունեցած են, ոմանք ալ զբօսաշրջային։ Յամենայնդէպս, Յակոբ Այնթապլեան առաջին անգամ համայնքային ձեռնարկի մը առթիւ կը հիւրընկալուի Պոլսոյ մէջ։ Վերջին տարիներուն Հայաստան հաստատուելէ վերջ ան խտացեալ աշխատանք կը տանի հայերէնի վերաբերեալ նիւթերու վրայ։ Մինչ լեզուի խնդիրները իր ուշադրութեան առանցքին են՝ ան սերտօրէն կը համագործակցի նաեւ Հայաստանի եւ սփիւռքի այլ մասնագէտներու հետ։ Տքթ. Յակոբ Այնթապլեան մանրամասն բացատրութիւններ տուաւ այդ համբերատար ու ծանր աշխատանքին շուրջ՝ միշտ ընդգծելով, որ հեռանկարային նպատակն է նոր սերունդին չաւանդել լեզուական առկայ բարդ կացութիւնը։ Ի լրումն այս բոլորին, Այնթապլեան տեղեկացուց, որ յառաջիկայ սեպտեմբերի երկրորդ կէսին կը նախատեսեն Երեւանի մէջ գիտական-լեզուական մասնաւոր օրակարգով հաւաք մը կազմակերպել՝ արծարծելու համար առկայ խնդիրներն ու իրենց յղացած լուծման հորիզոնները։ Այնթապլեան յայտնեց, որ նոյն շրջանակներուն մէջ ձեռնամուխ եղած են նաեւ նոր բառարանի մը պատրաստութեան, նաեւ Հայաստանի դպրոցական շրջանակներուն հետ աշխատանք կը տանին՝ լեզուի անաղարտութիւնը գոնէ մատղաշ սերունդի պարագային հնարաւորինս երաշխաւորելու ակնկալութեամբ։
Քաղաքիս մէջ կազմակերպուած ձեռնարկէն վերջ, Յակոբ Այնթապլեանի կարճ կեցութիւնը աւարտին պիտի հասնի այս հինգշաբթի։