ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԸ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ ՍՈՒՐԲ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄ
Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց Դպրաց Դաս-երգչախումբը այս առաւօտ մեկնեցաւ Սուրբ Երուսաղէմ։ Դպրաց դասու նախագահ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանի կողմէ կը գլխաւորուի խումբը, որ կը բաղկանայ շուրջ վաթսուն հոգիէ։ Սա Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռի հովանաւորութեան ներքեւ ամէն տարեմուտին դէպի Սուրբ Քաղաք կազմակերպուած ուխտագնացութիւնն է։
Ինչպէս ծանօթ է, Հայ Առաքելական Եկեղեցին Երուսաղէմի մէջ տաղաւարները կը նշէ ըստ հին տոմարի։ Ուստի, Վարդանանց երգչախումբի անդամներն ու իրենց ընկերակից պոլսահայ ուխտաւորները յառաջիկայ օրերուն Երուսաղէմի եւ Բեթղեհէմի մէջ պիտի մասնակցին Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան ու Աստուածայայտնութեան տաղաւարի առթիւ աւանդական տօնակատարութիւններուն։
Խումբը քաղաքս պիտի վերադառնայ շաբաթավերջին։