ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ՆՈՐ ՅԱՐԿԱԲԱԺՆԻ ԲԱՑՈՒՄ

Կեդ­րո­նա­կան վար­ժա­րա­նի յա­րա­կից խա­նէն նոր յար­կա­բա­ժին մը կցուե­ցաւ կրթօ­ճա­խին։ 250 քա­ռա­կու­սի մեթր ըն­դար­ձա­կու­թեամբ տա­րած­քը վար­ժա­րա­նին նուի­րա­բե­րած է Ճա­նէլ ըն­տա­նի­քը։ Ղա­լա­թիոյ խնա­մա­կա­լու­թիւ­նը վեր­ջին տա­րի­նե­րուն հե­տե­ւո­ղա­կան ջան­քեր կը գոր­ծադ­րէ վար­ժա­րա­նի տա­րած­քը, զու­գա­հե­ռա­բար նաեւ ու­սուց­ման հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րը ընդ­լայ­նե­լու հա­մար։ Այս ո­րո­նում­նե­րուն շրջագ­ծով խնա­մա­կա­լու­թիւ­նը վեր­ջերս ա­պա­հո­ված է զօ­րակ­ցու­թիւ­նը Ճա­նէլ ըն­տա­նի­քին, որ հա­մայն­քա­պատ­կան այս կա­լուա­ծի կրթա­կան նպա­տակ­նե­րով օգ­տա­գործ­ման հա­մար ե­ղած է բա­րե­րար։ 

Այս առ­թիւ վար­ժա­րա­նի դահ­լի­ճին մէջ ե­րէկ յետ­մի­ջօ­րէին կազ­մա­կեր­պուե­ցաւ հան­դէս մը, ո­րուն ներ­կայ էին Տ․ Սա­հակ Եպսկ․ Մա­շա­լեան, Տ․ Զա­տիկ Աբեղայ Պա­պի­կեան, Շիշ­լիի փոխ-քա­ղա­քա­պետ Վազ­գէն Պա­րըն, Պէ­շիկ­թա­շի քա­ղա­քա­պե­տի խորհր­դա­կան Նուր­հան Փա­լա­քօղ­լու, Ս․ Յա­կոբ հի­ւան­դա­նո­ցի հո­գա­բար­ձու­թեան ա­տե­նա­պետ Պեռ­նար Սա­րը­պայ, Թրքա­հայ ու­սուց­չած հիմ­նար­կի վար­չու­թեան ա­տե­նա­պետ Սար­գիս Քիւ­լէ­կէչ, հա­մայն­քա­յին հաս­տա­տու­թիւն­նե­րէ ու վար­ժա­րան­նե­րէ ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ, բա­րե­րար­ներ, հրա­ւի­րեալ­ներ։ Պա­տուոյ հիւ­րերն էին բա­րե­րար ըն­տա­նի­քին ան­դամ­նե­րը՝ Ժի­րայր-Սի­րա­նոյշ Ճա­նէլ, Թոր­գոմ-Իր­մա Ճա­նէլ, Խա­չիկ-Ա­լին Ճա­նէլ, Սե­ւան-Ար­մի­նէ Շա­հին­կէօզ։ Հան­դէ­սի ըն­թաց­քին ե­լոյթ մը ու­նե­ցաւ վար­ժա­րա­նի տնօ­րէ­նու­հի Սիլ­վա Գու­յում­ճեան, որ տե­ղե­կու­թիւն­ներ փո­խան­ցեց դպրո­ցէն ներս կա­տա­րուած ըն­դար­ձակ­ման այս աշ­խա­տան­քին մա­սին։ 

Յա­կոբ Մա­մի­կո­նեա­նի մա­կա­նին ներ­քեւ, Շանթ Էս­մեր, ինչ­պէս նաեւ Սե­ռա Ե­նի­ճէ, Մե­լի­սա Պոզ­թաշ ներ­կա­յա­ցու­ցին դաշ­նա­մու­րի ունկնդ­րու­թիւն մը։ Պաս­տա­ռի վրայ ցու­ցադ­րուե­ցաւ վար­ժա­րա­նի պատ­մա­կա­նին մա­սին տե­սե­րիզ մը։ Ներ­կա­յա­ցուե­ցաւ նաեւ կեդ­րո­նա­կան­ցի բա­րե­րար­նե­րուն՝ Ժի­րայր, Խա­չիկ եւ Թոր­գոմ Ճա­նէլ­նե­րուն կեն­սագ­րա­կա­նը, զոր ներ­կա­յա­ցուց ա­շա­կերտ­նե­րէն Տայք Մի­սի­սօղ­լու։

Խօսք ա­ռաւ նաեւ Ղա­լա­թիոյ Ս․ Գ­րի­գոր Լու­սա­ւո­րիչ ե­կե­ղեց­ւոյ եւ Կեդ­րո­նա­կան վար­ժա­րա­նի խնա­մա­կա­լու­թեան ա­տե­նա­պետ Յա­րու­թիւն Է­պէօղ­լու, որ շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց բա­րե­րար ըն­տա­նի­քին։ Ան իր խօս­քը ուղ­ղե­լով հա­ւա­քոյ­թի մաս­նա­կից­նե­րէն նա­հա­տա­կեալ լրագ­րող Հրանդ Տին­քի այ­րիին՝ Ռա­քել Տին­քին, յայտ­նեց, թէ իր կող­մէ կա­տա­րուած նուի­րա­տուու­թեան շնոր­հիւ Հրանդ Տին­քի ա­նու­նով գրա­դա­րան մը պի­տի հիմ­նուի շու­տով վար­ժա­րա­նի եր­դի­քին տակ։

Ա­պա Սիլ­վա Գու­յում­ճեան յու­շա­նուէր մը յանձ­նեց Սի­րա­նոյշ Ճա­նէ­լին։ Յա­րու­թիւն Է­պէօղ­լուն եւ Սրբա­զան հայրն ալ յուշանուէր մը յանձ­նե­ցին Ժի­րայր Ճա­նէ­լին։

Հուսկ բան­քը ար­տա­սա­նեց Սրբա­զան հայ­րը, որ գնա­հա­տեց կա­տա­րուած աշ­խա­տան­քը եւ բա­րե­րար­նե­րուն նուի­րու­մը։

Այ­նու­հե­տեւ նոր յար­կա­բա­ժնին մօտ կտրուե­ցաւ խորհր­դան­շա­կան կար­միր ժա­պա­ւէն մը՝ Սրբա­զան հօր եւ բա­րե­րար­նե­րուն ձե­ռամբ։ Ներ­կա­նե­րը շրջե­ցան նոր դա­սա­րան­նե­րը, փոր­ձա­րան­նե­րը, թրքե­րէ­նի, հա­յե­րէ­նի, ու­սո­ղու­թեան մաս­նա­բա­ժին­նե­րը։

Ա­ւար­տին սար­քուե­ցաւ ըն­դու­նե­լու­թիւն մը, ո­րու ըն­թաց­քին հիւ­րե­րը շրջա­պա­տուե­ցան Ղա­լա­թիոյ խնա­մա­կա­լու­թեան ան­դամ­նե­րուն, Կեդ­րո­նա­կա­նի ու­սուց­չա­կան կազ­մին եւ ա­շա­կեր­տու­թեան կող­մէ։ Բո­լո­րը ա­ռիթ ու­նե­ցան ի­րենց գնա­հա­տան­քը յայտ­նե­լու Ճա­նէլ ըն­տա­նի­քի ջան­քե­րով ա­պա­հո­վուած այս արդիւն­քին կա­պակ­ցու­թեամբ։ 

Երեքշաբթի, Մարտ 17, 2015