ՄԽԻԹԱՐԵԱՆՑԻՆԵՐՈՒ ՓԱՅԼՈՒՆ ՅԱՋՈՂՈՒԹԻՒՆԸ ՃԱՏՐԱԿԻ ՄԷՋ

Սուրբ Խաչ դպրեվանքի տնօրէնութեան կազմակերպած միջլիսէական մարզական փառատօնի արձագանգները կը շարունակուին։ Դպրոցի երկարամեայ տնօրէններէն հոգելոյս Հայկ Նշանի յիշատակին կազմակերպուած այս մարզական փառատօնին մասնակցեցան համայնքային հինգ լիսէները՝ ֆութպոլի եւ ճատրակի կազմերով։

Այս նախաձեռնութեան ծիրէն ներս Մխիթարեան վարժարանի ճատրակի խումբը արձանագրեց փայլուն յաջողութիւն՝ գլխաւորութեամբ Ռուբէն Ասաթուրօղլուի։ Խումբին մաս կազմեցին Նարեկ Պալ, Առէն Քիրփիքեան, Լիա Եուրթկիւլիւ եւ Քրիս Քիւչիւքաքպուլութ, որոնք բացառիկ խաղարկութիւնով հանդէս եկան։ Մխիթարեանի խումբը մրցաշարքի աւարտին յաջողեցաւ առաջին հորիզոնականը զբաղեցնել ու դառնալ դափնեկիր։

Տղաքը մրցաշարքի աւարտին ստացան իրենց բաժակը, ոսկէ մետայլները եւ վկայականները։

Երեքշաբթի, Մայիս 17, 2022