ՍՈՒՐԲ ԽԱՉ ԴՊՐԵՎԱՆՔԻ ՄԷՋ ՄԻՋԼԻՍԷԱԿԱՆ ՓԱՌԱՏՕՆ

Ս. Խաչ դպրեվանքի մէջ, Ս. Թարգմանչաց տօնի շրջանին այս տարի կեանքի կոչուեցաւ հետաքրքրական ծրագիր մը, որ համախմբեց համայնքային հինգ լիսէներու սաները։ Այսպէս, անմոռանալի գրող Զաւէն Պիպէռեանի յիշատակին ձօնուած պատմուածք գրելու փառատօն մը կազմակերպուեցաւ, ինչ որ առիթ դարձաւ աշակերտներու ստեղծագործական ձիրքերու դրսեւորման։

Փառատօնի ընթացքին տղաքը նախ ընթերցեցին իրենց հեղինակած պատմուածքներէն բաժիններ, իսկ աւելի վերջ պատասխանեցին ծրագրի հիւրերուն՝ Արմէն Սարուխանեանի, Արթուն Կեպենլիօղլուի եւ Ռոպէր Քոփթաշի հարցումներուն։

Ծրագրի երկրորդ փուլին Ս. Խաչ դպրեվանքէն խումբ մը սաներ արտայայտուեցան «Անկուտի սիրահարներ» եւ «Մրջիւններու վերջալոյսը» վէպերու մասին, որոնց վրայ արդէն ծանրացած էին իրենց դասապահերուն։ Այդ աշխատանքին վրայ եկան աւելնալ Արթուն Կեպենլիօղլուի եւ Ռոպէր Քոփթաշի կողմէ Զաւէն Պիպէռեանի մասին փոխանցուած տեղեկութիւնները։

Եզրափակիչ փուլին, վարժարանի տնօրէն Սերքան Քըյըճը հանդէս եկաւ ելոյթով մը, որու ընթացքին գնահատեց փառատօնի կազմակերպման ուղղութեամբ պատասխանատուութիւն ստանձնած աշակերտներն ու կրթական մշակները, նաեւ ողջունեց հիւրերը։ Ան ընդգծեց նաեւ հայ մշակոյթի եւ լեզուի նշանակութիւնը՝ հայկական ինքնութեան պահպանման տեսակէտէ։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 17, 2024