ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ ԸՆՏԱՆԻՔԸ ԿԸ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԻ ՄԷՐԱՄԷԹՃԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ Ի ՆՊԱՍՏ ՏԱՐԵԿԱՆ ՀԱՆԳԱՆԱԿՈՒԹԵԱՆ
Այս առաւօտ հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Մանուկ Էօղէրն ու նոյն կազմի սիւներէն Նուրհան Փալաքօղլուն եւ Գարէն Թէրզեանը։ Հարկ է նշել, որ այս շաբաթավերջին նախատեսուած է Մէրամէթճեան վարժարանի ի նպաստ տարեկան հանգանակութիւնը, որու ընդառաջ Ֆէրիգիւղի ամբողջ ընտանիքը զօրակոչի ենթարկուած է։
Այս առաւօտեան զրոյցի ժամանակ ատենապետ Մանուկ Էօղէր եւ իր գործակից ընկերները բացատրութիւններ տուին թաղային խորհուրդի գործունէութեան եւ դպրոցի այժմու վիճակին շուրջ։ Անոնք յայտնեցին, որ համայնքային վարժարաններու անվճար կամ չափազանց աժան ըլլալը չի լուծեր անոնց խնդիրները՝ համայնքի դպրոցահասակ զաւակներու պարագային ձգողականութիւն ունենալու տեսակէտէ։ Ուստի, մեր վարժարաններու առջեւ ծառացած հիմնական խնդիրը կը շարունակէ մնալ անոնց ձգողականութեան բարձրացումը։ Քանի սա միայն նիւթական հարց մը չէ՝ պէտք է անպայման ճար մը գտնել, որպէսզի մեր վարժարաններէն ներս ջամբուած ուսման մակարդակը բարձրանայ։ Սա է, որ կրնայ ապահովել անոնց համար աւելի բարձր ձգողականութիւն։ Ուստի, Ֆէրիգիւղի ընտանիքն ալ Մէրամէթճեան վարժարանի պարագային կ՚առաջնորդուի այս սկզբունքով։ Թաղականները յայտնեցին, որ այս ջանքերը կը խրախուսուին բազմաթիւ ծնողներու կողմէ եւ իրենք ուրախութեամբ կը վկայեն, թէ համապատասխան զգայնութիւնները կը բաժնուին՝ մանաւանդ այն ծնողներուն կողմէ, որոնք իրենք եւս համայնքային վարժարանի մը շրջանաւարտը եղած են։
Զրոյցի աւարտին Ֆէրիգիւղի ընտանիքի ներկայացուցիչները համայնքային շրջանակներուն կոչ ուղղեցին, որպէսզի այս տարի եւս զօրակցութեան առարկայ դառնայ Մէրամէթճեան վարժարանը։