ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆՆԵՐՈՒՆ ԵՐՋԱՆԻԿ ՕՐԸ

Գալ­փաք­ճեան ըն­տա­նի­քը շա­բա­թա­վեր­ջին ապ­րե­ցաւ մեծ եր­ջան­կու­թիւն։ Այս­պէս, Թաք­սի­մի Ս. Յա­րու­թիւն ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ Ս. Մկրտու­թեան խորհր­դա­կա­տա­րու­թիւ­նը՝ ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ-ի ըն­տա­նի­քի ե­րէց­նե­րէն, թեր­թիս սիւ­նա­կա­գիր Տ. Մաշ­տոց Քհնյ. Գալ­փաք­ճեա­նի սի­րա­սուն թոռ­նի­կին՝ Ա­րա-Ժո­զէֆ Գալ­փաք­ճեա­նի։ Նո­րոգ մկրտեա­լը որ­դին է Ա­րա­րատ-Ա­նէթ ա­մո­լին։ Իր մկրտու­թիւ­նը իս­կա­պէս շատ յատ­կան­շա­կան պայ­ման­նե­րու ներ­քեւ տե­ղի ու­նե­ցաւ, ո­րով­հե­տեւ փոք­րի­կը հա­րա­զատ մեծ­հօր իսկ ձե­ռամբ դրոշ­մուե­ցաւ, կնքա­հայ­րու­թեամբ Գրի­գոր Սրկ. Գալ­փաք­ճեա­նի։

Թաք­սի­մի Ս. Յա­րու­թիւն ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ Գալ­փաք­ճեան­նե­րը ապ­րե­ցան խան­դա­վառ պա­հեր, եւ ի­րենց բո­լոր բա­րե­կամ­նե­րը ան­կեղծ շնոր­հա­ւո­րու­թիւն­ներ եւ բա­րե­մաղ­թանք­ներ կը փո­խան­ցէին ի­րենց։ Բնա­կա­նա­բար, Գալ­փաք­ճեան­նե­րուն տե­սա­կէ­տէ օ­րը նաեւ յու­զում­նա­խառն էր, ո­րով­հե­տեւ ի­րենց զգա­ցա­կան աշ­խար­հէն ներս կար բա­ցա­կա­յու­թիւ­նը հո­գե­լոյս ե­րէց­կին Ան­նիկ Գալ­փաք­ճեա­նի, որ ան­ժա­մա­նակ ձե­ւով մա­հա­ցած ըլ­լա­լով չէր կրցած տես­նել թոռ­նիկ­նե­րը։ Հե­տե­ւա­բար, ըն­տա­նի­քի այս ու­րախ օ­րուան խոր­հուր­դին մէջ կը խայ­տար նաեւ ա­նոր հո­գին, ինչ որ բո­լո­րի տրա­մադ­րու­թեան վրայ կը ներ­գոր­ծէր ան­խու­սա­փե­լիօ­րէն։

Այս ու­րախ առ­թիւ եր­կար եւ եր­ջա­նիկ կեանք մը կը մաղ­թենք նո­րոգ մկրտեալ Ա­րա-Ժո­զէ­ֆին, կը շնոր­հա­ւո­րենք իր ծող­քը՝ Ա­րա­րատ-Ա­նէթ Գալ­փաք­ճեան­նե­րը, կնքա­հայ­րը՝ Գրի­գոր Սրկ. Գալ­փաք­ճեա­նը։ Նոյն առ­թիւ մեր խնդակ­ցու­թիւն­նե­րը Տ. Մաշ­տոց Քհնյ. Գալ­փաք­ճեա­նի եւ Ար­շա­լոյս Է­միր­զէեա­նի, ո­րու ծոռն է փոք­րի­կը։

Երեքշաբթի, Յունիս 2, 2015