ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐԵՐ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Տիարպաքըրի Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ ծխական խորհուրդի ատենապետ Էրկիւն Այըքն ու անդամներէն Վոլքան Արատը։

Եկեղեցւոյ վարչայինները Նորին Ամենապատուութեան տեղեկութիւններ փոխանցեցին իրենց գործունէութեան եւ եկեղեցւոյ ի նպաստ աշխատանքներուն, ինչպէս նաեւ ապագայ ծրագիրներուն մասին:

Իր կարգին, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց սոյն այցելութեան համար, ըրաւ հայրական թելադրութիւններ եւ յաջողութիւն մաղթեց անոնց ապագայ գործունէութեանց համար։

Չորեքշաբթի, Մարտ 20, 2024