ՄԻՋՄԻՈՒԹԵՆԱԿԱՆ ՆԱՐՏԻ ՀԵՐԹԱԿԱՆ ՄՐՑԱՇԱՐՔԻՆ ԱԽՈՅԵԱՆԸ՝ ԳԱՐԱԿԷՕԶԵԱՆ ՍԱՆՈՒՑ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԽՈՒՄԲԸ
Միջմիութենական նարտի մրցաշարքը համայնքային շրջանակներէն ներս վերջերս անմիջական ուշադրութեան արժանացաւ եւ մեծ ոգեւորութեան թատերաբեմը դարձաւ։ Այս տարի 26-րդ անգամ կազմակերպուած մրցաշարքը արդէն վերահաստատուեցաւ՝ հոգելոյս Մուրատ Քէյիշօղլուի անունով։ Լուսահոգի միութենական գործիչի անունին եւ յիշատակին ձօնուեցաւ այս մրցաշարքը՝ հաշուի առնելով անոր մեծ աւանդը միջմիութենական ձեռնարկներուն մէջ։
Այս տարի 26-րդ անգամ կազմակերպուած նարտի մրցաշարքին մասնակցութիւն բերաւ 13 միութենական խումբ։ Եշիլգիւղի սանուց միութեան տանտիրութեամբ կազմակերպուեցան այս տարուան խաղերը, որոնց աւարտին ախոյեանի տիտղոսը նուաճեց Գարակէօզեան սանուց միութեան խումբը։
Մրցումներու աւարտին շնորհաւորութեան խօսքով մը հանդէս եկաւ Կեդրոնական սանուց միութեան վարչութեան ատենապետ Գէորգ Սիմքէշեան, որ, միեւնոյն ժամանակ, կը գլխաւորէ միջմիութենական յանձնախումբը։
Մրցանակաբաշխման արարողութեան աւարտին սարքուեցաւ ընդունելութիւն մը, որու ընթացքին հատուեցաւ նաեւ կարկանդակ մը։ Բոլորը զիրար շնորհաւորեցին, դափնեկիրներուն յայտնեցին իրենց գնահատանքը եւ շնորհակալութիւն յայտնեցին կազմակերպիչներուն։
Հարկ է նշել, որ յաջորդ տարուան մրցաշարքը պիտի կազմակերպուի Գարակէօզեան սանուց միութեան տանտիրութեամբ։
Թրքահայ կեանք
- 12/04/2024