ԳԱՏԸԳԻՒՂԻ ԱՐԱՄԵԱՆ-ՈՒՆՃԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ «ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԽԱՉՔԱՐԵՐ»

Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանին մէջ Թարգմանչաց տօնի եւ հայ մշակոյթի շաբթուան առթիւ կեանքի կոչուեցաւ ճոխ ծրագիր մը։ Այս տարի տօնին խորհուրդն ու իմաստը աշակերտներուն բացատրուեցան «Հայկական խաչքարեր» խորագրեալ ծրագրով մը։

Այս ընդհանուր ծրագրին առընթեր, իւրաքանչիւր դասարանին մէջ ալ յարակից աշխատանքներ տարուեցան։ Նախաձեռնութիւնը աւարտին հասաւ տնօրէնուհի Թալին Պէրպէրօղլուի շնորհաւորութեան խօսքով։ 

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 21, 2024