ԷՍԱԵԱՆ ՍԱՆՈՒՑ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊԱԾ ՊՏՈՅՏԸ

Է­սաեան սա­նուց միու­թեան վար­չու­թեան նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ ե­րէկ պտոյտ մը կազ­մա­կեր­պուե­ցաւ դէ­պի Պահ­չէ­գիւղ։ Տեղ­ւոյն զբօ­սա­րան­նե­րէն մէ­կուն մէջ մե­ծա­մաս­նու­թիւ­նը Է­սաեան վար­ժա­րա­նէ շրջա­նա­ւարտ խումբ մը տի­կին­ներ ան­ցու­ցին հա­ճե­լի օր մը։ Քա­ղա­քի ժխո­րէն հե­ռու ա­նոնք միաս­նա­բար ըմ­բոշխ­նե­ցին բնու­թեան գե­ղեց­կու­թիւն­նե­րը եւ ան­մի­ջա­կան մթնո­լոր­տի մը մէջ զրու­ցե­ցին ի­րա­րու հետ։

Է­սաեան սա­նուց միու­թեան վար­չու­թեան ա­տե­նա­պե­տու­հի Մա­րիամ Տրա­մէ­րեան եւ իր ըն­կեր­նե­րը ջերմ մթնո­լոր­տի մը մէջ հիւ­րըն­կա­լե­ցին պտոյ­տի բո­լոր մաս­նա­կից­նե­րը։ Խում­բը ճամ­բոր­դեց յա­տուկ փո­խադ­րա­մի­ջո­ցով մը, որ տրա­մադ­րուած էր Շիշ­լիի քա­ղա­քա­պե­տու­թեան կող­մէ։

 

Ուրբաթ, Մայիս 22, 2015