ՊՂՏՈՐ ԱՐՁԱԳԱՆԳ ՄԸ

Գալֆաեան տան խնամակալութիւնը երէկ ընկերային ցանցերու վրայ ամփոփ լուսաբանութիւնով մը հանդէս եկաւ՝ դպրոցի ապագային վերաբերեալ շրջանառութեան մէջ մտած լուրերուն մասին։ Երէկ արձագանգ հանդիսացած էինք, որ Հոգեգալստեան տօնին ժամանակ Պէյօղլուի սուրբ եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի ատենապետ Աքսէլ Թոփալեան յայտնած էր, որ յառաջիկայ տարի դպրոցը պիտի վերածուի մանկապարտէզի եւ աշակերտները պիտի ուղարկուին Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանը։ Ըստ երեւոյթին, խնամակալութեան յայտարարութիւնը այս հաղորդումներուն արձագանգը եղած է։ Յայտարարութեան մէջ նկարագրուած է վարժարանի դիմագրաւած ծանր նիւթական կացութիւնը։ Յամենայնդէպս, խնամակալութիւնը ո՛չ հերքած, ո՛չ ալ հաստատած է Թոփալեանի կողմէ փոխանցուածները։ Արդարեւ, շրջանառութեան մէջ մտած լուրերը կը վերաբերին՝ վարժարանի յաջորդ տարի գործնականօրէն փակման։ Ուստի, ըստ երեւոյթին, խնամակալութիւնը ներկայիս ի վիճակի չէ այս հեռանկարին վերաբերեալ լուրերը, պնդումները ինքնավստահ ձեւով կա՛մ հերքելու կամ հաստատելու։

Չորեքշաբթի, Մայիս 22, 2024