ՅՈՎՍԷՓ ԹՈՔԱՏԻ ՀԵՂԻՆԱԿԱԾ «ԱՒԵՐԱԿ ՔՂԻՆ» ԳՐՔԻՆ ՇՆՈՐՀԱՆԴԷՍԸ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑԱՒ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՍԱՆՈՒՑ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ
Իսթանպուլահայութեան համար հարազատ անուն մըն է Յովսէփ Թոքատ, որքան որ ալ բնակութիւն հաստատած ըլլայ Լոս Անճելըսի մէջ՝ տասնամեակներէ ի վեր։ Ան սերած է ընտանիքէ մը, որ Պինկէօլէն քաղաքս հաստատուելով նոր ուղղութիւն տուած է իր ճակատագրին։ Այդ նոր ուղղութիւնը նաեւ նոր շունչ բերած է մեր հաւաքական կեանքին, որովհետեւ գերդաստանի անդամները երախտաշատ ներդրում ունեցած են համայնքային կեանքէն ներս։ Յովսէփ Թոքատի մականունը արդէն մեզի կը յուշէ շատ բան եւ առաջին հերթին միտքերու մէջ կը թարմացնէ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան նախկին ատենապետ լուսահոգի Սեդրակ Թոքատը, որ հին սերունդի խորհրդանշական անուններէն մին էր՝ գաւառէն Պոլիս հաստատուելով մեր հաւաքական կեանքին համարկած, նպաստած ըլլալու իմաստով։
Վերջին տարիներուն Յովսէփ Թոքատ կը տեւականացնէ իր ընտանիքին բարի համբաւը՝ մշակութային գետնի վրայ ծաւալած գործունէութեամբ։ Ան թէեւ կ՚ապրի Լոս Անճելըսի մէջ, սակայն պարբերական այցելութիւններով կենդանի կը պահէ կապը իրեն հարազատ թրքահայութեան հետ։ Այդ կապը վերջին տարիներուն սահմանափակուած չի մնար զուտ մարդկային յարաբերութիւններով կամ պարբերական այցելութիւններով։ Արդարեւ, Յովսէփ Թոքատ արդէն սկսած է առանձնայատուկ իր տեղը ունենալ բազմաթիւ պոլսահայերու գրադարաններէն ներս։ Անշուշտ, միայն պոլսահայերու գրադարաններուն մէջ չէ, որ անկիւններ կը վերապահուին իր գործերուն համար, սակայն այս պարագային խօսքը կը վերաբերի թրքահայ կեանքէն ներս իր խորհրդանշած կերպարին։
Վերջերս լոյս տեսաւ Յովսէփ Թոքատի «Աւերակ Քղին» հատորը։ Եթէ մօտաւոր անցեալին ան ակնարկը սեւեռած էր հայոց արհեստներու կալուածէն ներս ունեցած ժառանգութեան վրայ, ապա այս անգամ ան խոշորացոյցի տակ առած է հայոց երբեմնի գաւառներու պատմական անկիւններէն մին՝ Քղին, որ անմիջականօրէն զօդուած է հեղինակի գերդաստանի արմատներուն հասած Պինկէօլ քաղաքին հետ։ Եռալեզու այս գիրքով (հայերէն, թրքերէն եւ անգլերէն) Յովսէփ Թոքատ իսկապէս ողջունելի գործ մը տեսած է թէ՛ արդիւնքին եւ թէ ժամկէտին իմաստով։ Արդիւնքը ողջունելի է, որովհետեւ կորստեան վտանգէ կը փրկէ բազմաթիւ հանգամանքներ։ Իսկ ժամկէտը ողջունելի է այն իմաստով, որ գիրքին հրատարակութիւնը կը զուգադիպի այնպիսի ժամանակաշրջանի մը, երբ հետզհետէ աւելի շատ կը խօսուի Անատոլուի մէջ անցեալին հայոց ունեցած ներկայութեան մասին։ Ահա այսպիսի մթնոլորտի մը մէջ է, որ Յովսէփ Թոքատ ընթերցողներուն, հետաքրքիրներուն դատին կը յանձնէ իր գիրքը, արժեւորած ըլլալով հայկական աղբիւրներու տեղեկութիւնները։ Ան այս ծրագիրը կեանքի կոչած է «Փարոս» հրատարակչութեան օժանդակութեամբ։
Երէկ երեկոյեան, Մխիթարեան սանուց միութեան հաւաքատեղիին մէջ տեղի ունեցաւ Յովսէփ Թոքատի «Աւերակ Քղին» գիրքին շնորհանդէսը, որ ստեղծեց մեծ ոգեւորութիւն։ Մխիթարեան սանուց միութեան վարչութեան ատենապետ Վարդան Պալմումճեան եւ իր ընկերները, ինչպէս նաեւ «Փարոս»ի անձնակազմը ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեցին գինեձօնին բոլոր մասնակիցները։ Ողջոյնի խօսք մը արտասանեց «Փարոս»ի խմբագիր Մայտա Սարիս, որ տեղեկութիւններ փոխանցեց հատորի պատրաստութեան աշխատանքներուն վերաբերեալ։ Իր կարգին, սրտի խօսք մըն ալ արտասանեց Յովսէփ Թոքատ, որ վերյիշեց մանկութեան շրջանը ու մանաւանդ Քղիի մէջ անցուցած ժամանակն ու տեղւոյն եկեղեցին։ Ան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք իրենց աջակցութիւնը բերած էին սոյն հատորի հրատարակութեան։
Յաջորդած ընդունելութեան ընթացքին ներկաները անմիջական մթնոլորտի մը մէջ շրջապատեցին հեղինակը, որ մակագրեց իր գործերը։
Շնորհանդէսին ներկայ էին Հայ Կաթողիկէ Հասարակութեան Վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զէքիեան, Սեւ ծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան մօտ Հայաստանի մշտական ներկայացուցիչ Միքայէլ Վարդանեան, ներկայացուցչական խորհրդական Իկոր Մարտիրոսեան, Շիշլիի փոխ-քաղաքապետ Վազգէն Պարըն, Պէշիկթաշի քաղաքապետարանի խորհրդականներէն Նուրհան Փալաքօղլու, Ս. Յակոբ հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պեռնար Սարըպայ, Թրքահայ ուսուցչաց հիմնարկի վարչութեան ատենապետ Սարգիս Քիւլէկէչ, ինչպէս նաեւ համայնքային շրջանակներէն բազմաթիւ ծանօթ դէմքեր, հասարակական գործիչներ եւ հիւրեր։