Երեքշաբթի 4, Մարտ 2025
ԷՍԱԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՒԹԵԱՄԲ ԱՆԳԼԵՐԷՆԻ ԽԱՆԴԱՎԱՌ ԽՐԱԽՃԱՆՔ
Էսաեան վարժարանի նախաձեռնութեամբ վերջերս կազմակերպուեցաւ միջվարժարանային անգլերէն գրելու խրախճանք մը։ Համայնքային միջնակարգներու աշակերտական խումբերէ կազմակերպուեցաւ այս ծրագիրը։ Տղաքը խումբ առ խումբ մասնակցութիւն բերին՝ նախ տեղեկութիւններ քաղելով ծրագրին մէջ ընդգրկուած հեղինակներուն շուրջ։ Գրաւոր ստեղծագործական աշխատանքին հիման վրայ աշակերտները հանդէս եկան նաեւ թատերակներով։ Անգլերէնի գործածութիւնը խրախուսելու ուղղեալ այս ծրագիրը պսակուեցաւ յաջողութեամբ։
Լուսանկարին մէջ Անգլերէնի խրախճանքին մասնակից աշակերտները կ՚երեւին Էսաեան վարժարանի բեմին վրայ։
Երեքշաբթի, Ապրիլ 25, 2017