ԱՐՇՕ ՔԱԶԱՐԻ ՅԱՋՈՂՈՒԹԻՒՆԸ

55-ա­մեայ Ար­շօ Քա­զար, որ Սեպ­տեմ­բեր 12-ի զի­նուո­րա­կան յե­ղաշրջ­ման ար­դիւն­քին հա­մալ­սա­րա­նէն հե­ռա­ցած բազ­մա­թի­ւե­րու շար­քին կը գտնուէր, ա­ռաջ­նու­թեամբ ա­ւար­տեց հա­մալ­սա­րա­նը, ուր վե­րա­դար­ձած էր 2011-ի հա­մա­նե­րու­մէն ետք։ Ար­շօ Քա­զար 1980-ի նա­խօ­րէին հա­մալ­սա­րան­նե­րու մէջ պա­տա­հած դէպ­քե­րուն եւ սպա­նու­թիւն­նե­րուն պատ­ճա­ռով կի­սատ թո­ղու­ցած էր Մար­մա­րա հա­մալ­սա­րա­նի Տնտե­սա­կան եւ ա­ռեւտ­րա­կան գի­տու­թեանց ա­կա­դե­միոյ Լրագ­րու­թեան եւ հա­սա­րա­կու­թեան հետ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու բաժ­նի իր ու­սու­մը։ Ան սա­կայն ե­րե­սուն տա­րի անց վե­րա­դար­ձաւ հա­մալ­սա­րան, 2011-ին հռչա­կուած հա­մա­նե­րու­մին շնոր­հիւ։ Չորս տա­րուան կրթու­թե­նէ մը ետք, 55 տա­րե­կա­նին ան ա­ւար­տեց իր ու­սու­մը՝ դառ­նա­լով ա­ռա­ջի­նը իր բաժ­նին մէջ։ «1980-ին բազ­մա­թիւ դէպ­քեր տե­ղի կ՚ու­նե­նա­յին եւ ըն­տա­նիքս մտա­հոգ էր։ Ու­սա­նո­ղա­կան ար­ձա­նագ­րու­թիւնս ջնջե­լէ ետք կրթու­թիւնս շա­րու­նա­կե­լու նպա­տա­կով մեկ­նե­ցայ Գեր­մա­նիա, ուր սա­կայն պայ­ման­նե­րը յար­մար չէին եւ վեց ա­միս ետք վե­րա­դար­ձայ Թուր­քիա։ Սկսայ աշ­խա­տիլ ըն­կե­րու­թեան մը մէջ։ Հանգս­տեան կո­չուե­լէ ետք ալ վերս­տին ըն­դու­նուե­ցայ հա­մալ­սա­րան», նշեց ան, «Միլ­լի­յէթ»ին տուած իր յայ­տա­րա­րու­թեան մէջ։ Քա­զար ը­սաւ, թէ հա­մալ­սա­րա­նէ շրջա­նա­ւարտ չկա­րե­նալ ըլ­լա­լու տխրու­թիւ­նը ապ­րած է միշտ եւ ինք­զինք թե­րի զգա­ցած է։ «Հա­մալ­սա­րա­նէ ներս նախ քիչ մը քաշուող էի, սա­կայն ե­րի­տա­սարդ­նե­րու հա­ղոր­դակ­ցու­թիւ­նը լաւ էր, հե­տե­ւա­բար յար­մա­րե­լու խնդիր մը չու­նե­ցայ։ Շատ հա­ճե­լի էր բաժ­նել նոյն նստա­րան­ներն ու ժա­մա­նակ ան­ցը­նել ­անոնց հետ, ո­րոնք բո­լորն ալ ու­նէին իմ զաւ­կիս տա­րի­քը։ Ես ի­րենց հա­մար Ար­շօ մօ­րաք էի։ Քննու­թեան օ­րե­րուն դա­սի նո­թե­րը ինց­մէ կ՚առ­նէին։ Շատ պի­տի կա­րօտ­նամ զի­րենք», ը­սաւ ան։

 

 

Հինգշաբթի, Յունիս 25, 2015