ԷՍԱԵԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏՆԵՐԸ ՀՐԱԺԵՇՏ ՏՈՒԻՆ ԻՐԵՆՑ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՓԱՅԼՈՒՆ ՀԱՆԴԷՍՈՎ ՄԸ
Էսաեան վարժարանի շրջանաւարտից հանդէսը կայացաւ երէկ երեկոյեան։ Հանդիսաւոր ընթրիքին ներկայ էին Հայ Կաթողիկէ Համայնքի Վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զէքիեան, Կրօնական Ժողովի Ատենապետ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան, Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի ատենապետ Աբիկ Հայրապետեան եւ իր ընկերները, Շիշլիի փոխ-քաղաքապետ Վազգէն Պարըն, Պէշիկթաշի քաղաքապետութենէն խորհրդական Նուրհան Փալաքօղլու, Էսաեան վարժարանի տնօրէնուհի Սաթնիկ Նշան, նախակրթութեան բաժնի տնօրէնուհի Առլին Եշիլթէփէ, ուսուցչական կազմը, ծնողներ, հրաւիրեալներ։ Օրուան խօսնակներն էին Թինա Տէմիրճի եւ Արտա Ճումկազէրօղլու։ Հանդիսութեան ընթացքին ելոյթներ ունեցան տնօրէնուհի Սաթենիկ Նշան, շրջանաւարտ սաներ Գարին Չաքան, Ռիթա Սարըօղլու եւ Էրլին Եշիլչիմէն։ Աշակերտական երգչախումբը, երաժշտութեան ուսուցիչ Յակոբ Մամիկոնեանի մականին ներքեւ տոհմիկ երգերու շարան մը ներկայացուց, ինչպէս նաեւ երգեց վարժարանին քայլերգը՝ «Ողջոյն տաճար»ը։ Առաջնութեան մրցանակը յանձնուեցաւ Գարին Չաքանին։ Ներկաները «Հայլայֆ» համոյթի երաժշտութեամբ ապրեցան հաճելի պահեր։ Ճաշկերոյթի ընթացքին արտայայտուեցաւ նաեւ Տ. Լեւոն Արք. Զէքիեան։ Կարկանդակի կտրուելու պահը եղաւ գագաթնային կէտը եւ շրջանաւարտները յուզումնախառն մթնոլորտի մը մէջ հրաժեշտ տուին իրենց սիրելի վարժարանին։