Ուրբաթ 14, Մարտ 2025
ԶԷՔԻԵԱՆ ԳԵՐԱՊԱՅԾԱՌ ՎԻԵՆՆԱՅԻ ՄԷՋ ՏԵՍԱԿՑԵՑԱՒ ԱՐՄԷՆ ՍԱՐԳՍԵԱՆԻ ՀԵՏ
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի թեկնածու Արմէն Սարգսեան անցեալ շաբթուան մէջ շփումներ ունեցաւ Վիեննայի մէջ, ուր այցելեց նաեւ Մխիթարեան միաբանութեան վանքը։ Միաբանութեան անդամներէն Հայր Վահան Յովակիմեան եւ Հայր Նարեկ Տատուրեան իրեն ուղեկցեցան՝ վանական ընդարձակ համալիրէն ներս կատարած շրջայցի ընթացքին։ «Արմէնփրէս»ի հարորդումներով, Արմէն Սարգսեանի այցելութիւնը տեղի ունեցաւ 21 Փետրուարին եւ այդ օրը Մխիթարեան միաբանութեան Վիեննայի վանատան մէջ կը գտնուէր Վատիկանի կողմէ միաբանութեան համար պատուիրակ նշանակուած Տ. Լեւոն Արք. Զէքիեան։ Ուստի, Արմէն Սարգսեան եւ Զէքիեան Գերապայծառ ունեցան հանդիպում մը Վիեննայի մէջ։ Պաշտօնական աղբիւրները տեղեկութիւններ չեն փոխանցած զրոյցի բովանդակութեան շուրջ։
Երկուշաբթի, Փետրուար 26, 2018