ՓԱՌԷՆ ՄԵԾԱՏՈՒՐԻ ԵՒ ՄԱՍԻՍ ՔԱՐԱՅԻ ՅԱՋՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՃԱՏՐԱԿԻ ԳԾՈՎ

«Թե­րաք­քի» հիմ­նար­կի վար­ժա­րան­նե­րուն նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ, ան­ցեալ շա­բա­թա­վեր­ջին կազ­մա­կեր­պուե­ցաւ ճատ­րա­կի միջ­վար­ժա­րա­նա­յին մրցա­շարք մը։ 24-րդ ան­գամ կազ­մա­կերպուած այս ա­ւան­դա­կան մրցա­շար­քին մաս­նակ­ցու­թիւն բե­րաւ նաեւ Ֆէ­րի­գիւ­ղի Մէ­րա­մէթ­ճեան վար­ժա­րա­նէն խումբ մը։ Զա­նա­զան տա­րի­քա­յին դա­սա­ւո­րում­նե­րու բա­ժա­նու­մով տե­ղի ու­նե­ցան մրցում­նե­րը՝ վեց հանգ­րուան­նե­րով։

Երկ­րորդ դա­սա­րան­նե­րու դա­սա­ւոր­ման մէջ Մէ­րա­մէթ­ճեան վար­ժա­րա­նէն Փա­ռէն Մե­ծա­տուր յաղ­թա­կան դուրս ե­կաւ իր ու­նե­ցած բո­լոր վեց հան­դի­պում­նե­րէն։ Ան կը մրցէր չոր­րորդ սե­ղա­նին շուրջ եւ նուա­ճեց սե­ղա­նի ա­ռաջ­նու­թիւ­նը, չորս սե­ղան­նե­րու շար­քին։

Նոյն­պէս Մէ­րա­մէթ­ճեան վար­ժա­րա­նէն Մա­սիս Քա­րան ալ հնա­րա­ւոր վեց նի­շե­րէն հին­գը ա­պա­հո­վե­լով դար­ձաւ սե­ղա­նին եր­րոր­դը։

Այս առ­թիւ ջեր­մօ­րէն կը շնոր­հա­ւո­րենք Փա­ռէն Մե­ծա­տուրն ու Մա­սիս Քա­րան, ո­րոնց կը մաղ­թենք նո­րա­նոր յա­ջո­ղու­թիւն­ներ։

Հինգշաբթի, Մարտ 26, 2015