«ԱՐԱՍ»Ի ՆՈԹԱՏԵՏՐԵՐԸ
«Արաս» հրատարակչութիւնը Ամանորի ընդառաջ այս տարի եւս արտադրած է յուշանուէր մը։ Ինչպէս ծանօթ է, անցեալ տարի թռչնագիր տառերով զարդարուած տետրակներ պատրաստուած էին «Արաս»ի կողմէ։ Այս տարի ալ բարձր գեղարուեստական ճաշակով ամանորեան արտադրութիւն մը կատարուած է այս հրատարակչութեան նախաձեռնութեամբ։ «Արաս» դարձեալ նոթատետրեր պատրաստած է հայերէնի, թրքերէնի եւ քրդերէնի այն տառերով, որոնք յաճախակիօրէն չեն օգտագործուիր կամ այդ այբուբեններուն մէջ կը բնորոշեն ուրոյն ձայներ կամ առոգանութեան յատկանիշներ։
Հուլուսի Նուսիհ Թիւթիւնճիւի գեղարուեստական ձեւաւորումով պատրաստուած են այս նոթատետրերը, որոնց մէջ ընդգրկուած տառերուն մասին երկտողներ գրի առնուած են Արթուն Կեպէնլիօղլուի կողմէ։
«Արաս»ի կողմէ A5 եւ A6 չափերով պատրաստուած, որակեալ թուղթով այս նոթատետրերը Ամանորի համար կրնան ըլլալ լաւ յուշանուէրներ։