«ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՈԳԻ»ՈՎ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԻ ՄԷՋ

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միաբաններէն նկարիչ Տ. Ներսեհ Վրդ. Խալաթեան վերջին շրջանին պոլսահայ գեղարուեստասէրներու համակրանքին առարկայ արուեստագէտ մը դարձած է։ Շաբաթավերջին իր հերթական ցուցահանդէսը բացուեցաւ քաղաքիս մէջ։ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի կողմէ հովանաւորուած ձեռնարկը կազմակերպուեցաւ ի նպաստ Գալֆաեան տան եւ Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանին։ «Զօրակցութեան ոգի» խորագրեալ ցուցահանդէսի կազմակերպիչներու շարքին են Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդն ու «Փարոս» ամսագրի խմբագրութիւնը։

Մայր եկեղեցւոյ համալիրէն ներս, Ս. Որդւոց Որոտման տաճարի երդիքին տակ կազմակերպուած ցուցահանդէսը շրջելու ժամանակ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր կողքին էին Տ. Յովակիմ Աբեղայ Սերովբեան եւ Տ. Տրդատ Աւ. Քհնյ. Ուզունեան։

Ձեռնարկի ընթացքին ողջոյնի խօսքերով հանդէս եկան Գալֆաեան տան հիմնադրի ներկայացուցիչ Թամար Քարասու, Թոփգաբուի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Նուրհան Սուճուեան եւ «Փարոս»ի գլխաւոր խմբագիր Մայտա Սարիս։ Յանձնուեցան նաեւ շարք մը յուշանուէրներ։ Տ. Ներսեհ Վրդ. Խալաթեանն ալ արտասանեց սրտի խօսք մը։ Նորին Ամենապատուութիւնն ալ օրհնութեան խօսքին մէջ գնահատեց նկարիչ հայր սուրբն ու կազմակերպիչները։

Ցուցահանդէսը բաց պիտի մնայ շաբաթ մը։

Երկուշաբթի, Մայիս 27, 2024