ՄԻՋՀԱՄԱՅՆՔԱՅԻՆ ԵՐԿՐՈՐԴ ՀԱՒԱՔՈՅԹ
Վագըֆներու ընդհանուր խորհուրդին մօտ փոքրամասնութեանց ներկայացուցիչ Տոց. Տքթ. Թորոս Ալճանի ատենապետութեամբ Ս. Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի «Պիլէք» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ փոքրամասնութեանց համայնքներէ ներկայացուցիչներու երկրորդ ժողովը։ Առաջինը տեղի ունեցած էր «Ռումվատէր»ի մէջ, Փետրուարին, որու ընթացքին որոշուած էր, որ նախորդ ներկայացուցիչ՝ Լաքի Վինկասի շրջանին սկիզբ դրուած կառոյցը ա՛լ աւելի յառաջ տարուի ու վերածուի ուրոյն հաստատութեան մը։ Առաջին ժողովին ընթացքին առնուած որոշումները վերատեսութեան ենթարկելու եւ կատարուած աշխատանքը տեսնելու նպատակով է, որ կայացաւ վերջին ժողովը, որու ընթացքին քննարկման առարկայ դարձան ներկայացուցիչի պաշտօնին սահմանները, խորհրդանշանը, Գարակէօզեան Տան խնամակալութեան կողմէ երեք տարի ժամկէտով ձրիաբար կառոյցին տրամադրուած «Քէյ փլազա»ի գրասենեակին ծանօթացումն ու պիւտճէի գնահատումը եւ հուսկ Յուլիսի 6-ին փոքրամասնութեանց կողմէ միասնաբար կազմակերպելի իֆթարի մանրամասնութիւնները։
Ժողովի արդիւնքին Փոքրամասնութեանց վագըֆներու ներկայացուցչութիւնը որպէս կառոյց, իր ցարդ տարբեր առիթներով գործածած խորհրդանշանով, արժանացած է բոլոր համայնքներու նեցուկին, բացի հրէականէ, որ որպէս սկզբունք դէմ կեցած է ներկայացուցիչի պաշտօնի մը որպէս կառոյց ստեղծման։
Գալով գրասենեակի ծրագրին, յոյն համայնքը չէ ընդունած՝ երեք տարի վերջ պիւտճէին յաւելեալ բեռ մը դառնալու հաւանականութիւնը աչքի առջեւ ունենալով։ Իսկ հրէական եւ ասորական համայնքները հարցուցած են, թէ երեք տարի անց ի՞նչ պիտի ըլլայ վարձքին արժէքը։ ՎԱՏԻՓ-ի ընդհանուր քարտուղար Յարութիւն Շանլը յայտնած է, թէ մեծ բեռ մը պիտի չըլլայ, քանի որ Գարակէօզեանի խնամակալութիւնը խոստացած է իր օժանդակութիւնը տրամադրել նաեւ երեք տարի վերջ, նոր ներկայացուցիչի մը ժամանակ եւս։ Հակառակ այս բացատրութիւններուն այս նիւթին շուրջ որոշում մը չէ կայացուած։
Հուսկ Թորոս Ալճան յայտնած է, թէ ինք միայն պարտաւոր է գործադրելու առնուած որոշումները, առանց իրաւունք ունենալու խօսիլ որեւէ համայնքի անունով։ Երկու նիւթերուն շուրջ ալ վերջնական որոշում մը քանի որ կայացած չէ, հարկ եղած է ջնջել ներկայացուցչութեան կառոյցի վերածուելու ուղղութեամբ առնուած քայլերը։
Ժողովին մասնակցած են հայկական, յունական, հրէական, ասորական, ղպտիական, պուլկարական եւ վրացական համայնքներէ ներկայացուցիչներ։