Շաբաթ 30, Նոյեմբեր 2024
Ս. ՄԿՐՏՈՒԹԻՒՆ
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ Ղալաթիոյ Ս. Փրկիչ հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ վերջերս տեղի ունեցած է փոքրիկն Ժպտուն Յովհաննէսեանի Ս. Մկրտութեան խորհրդակատարութիւնը՝ կնքահայրութեամբ Արաս եւ Թիլտա Սիւրէրի։ Արարողութիւնը առիթ դարձած է փոքրիկն Ժպտունի ամբողջ ընտանիքի համախմբման եւ բոլորը անոր ապագայ երջանկութեան համար միացուցած են իրենց բարեմաղթանքը։
Այս ուրախ առթիւ երկար ու երջանիկ կեանք կը մաղթենք փոքրիկն Ժպտունին՝ ջերմօրէն շնորհաւորելով իր ծնողքը՝ Վարդան եւ Ժուլիա Յովհաննէսեան ամոլը։ Նոյն առթիւ մեր խնդակցութիւնները մկրտեալի մեծ մօր՝ թերթիս ընտանիքի վաստակեալներէն Լիկիա Յովհաննէսեանին եւ բոլոր ընտանեկան պարագաներուն։
Հինգշաբթի, Յունիս 27, 2024
Թրքահայ կեանք
- 11/30/2024