ԷՍԱԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՍԱՆԵՐԸ ՓԱՅԼՈՒՆ ՅԱՋՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԱՐՁԱՆԱԳՐԵՑԻՆ ՃԱՏՐԱԿԻ ՄԷՋ
Էսաեան վարժարանի աշակերտները վերջերս ճատրակի մէջ արձանագրեցին փայլուն յաջողութիւններ։ Պէյօղլուի շրջանի վարժարաններուն միջեւ կազմակերպուած մրցաշարքի մը շրջագծով անոնք ապահովեցին դափնիներ, ինչ որ արժանացաւ մեծ գնահատանքի։
Երիտասարդներու դասաւորման մէջ վարժարանը ներկայացուցին՝ Արտէն Եազըճեան, Արա Հոքքաճը, Քատիր Քարափնար, Արտա Թաշեիւրէք, Տանիէլ Չըթաք։ Աստղերու կազմին մէջ էին՝ Արիս Նշան, Ալէն Նշան, Տաւիտ Իւկէ։ Փոքրերու դասաւորման մէջ էին՝ Տիրան Քէօսէ, Նարեկ Տիքիճի, Շանթ Տիքիճի, Ազատ Արը, Լոռին Իւկէ, Լիա Եուրտկիւլիւ, Արէս Պոյաճեան, Լինա Պոյաճեան։
Երեսուն վարժարաններէ շուրջ չորս հարիւր աշակերտ մասնակցեցաւ սոյն մրցաշարքին։ Էսաեանէն բազմաթիւ աշակերտներ դասուեցան դափնեկիրներու շարքին։ Ալէն Նշան եւ Տիրան Քէօսէ նուաճեցին առաջնութիւններ։
Էսաեանի ճատրակի խումբը կը վերահսկուի Սայաթ Թուղլաճըի կողմէ։