ՄԿՐՏԻՉ ՄԱՐԿՈՍԵԱՆԻ ԳՈՐԾԻՆ ՀԻՄԱՆ ՎՐԱՅ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԱԾ «ԿԵԱՎՈՒՐ ՄԱՀԱԼԼԷՍԻ» ԺԱՊԱՒԷՆԻՆ ՑՈՒՑԱԴՐՈՒԹԻՒՆԸ ՓԱՅԼՈՒՆ ԱՆՑԱՒ
Շիշլիի «Քենթ» մշակոյթի կեդրոնին մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ «Կեավուր մահալլէսի» ժապաւէնին առաջին ցուցադրութիւնը։ Գիւղագիր Մկրտիչ Մարկոսեանի համանուն ստեղծագործութեան հիման վրայ պատրաստուած ժապաւէն մըն է այս մէկը, որ ներկայացուեցաւ Շիշլիի քաղաքապետութեան աջակցութեամբ։ Բեմադրիչն է Եուսուֆ Քենան Պէյսիւլէն։
Ժապաւէնի առաջին ցուցադրութեան ներկայ գտնուեցան Շիշլիի քաղաքապետ Հայրի Ինէօնիւ եւ կողակիցը՝ Նազլը Ինէօնիւ, փոխ-քաղաքապետ Վազգէն Պարըն եւ բազմաթիւ հիւրեր, որոնք ջերմօրէն շրջապատեցին Մկրտիչ Մարկոսեանն ու Եուսուֆ Քենան Պէյսիւլէնը։ Ձեռնարկի մասնակիցներու շարքին էին նաեւ Լիզպոնի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի կեդրոնական վարչութեան անդամներէն Մարթին Եսայեան եւ նոյն հիմնարկի Հայկական համայնքներու բաժանմունքի տնօրէն Ռազմիկ Փանոսեան։
Ժապաւէնը կը ցոլացնէ Մկրտիչ Մարկոսեանի ոդիսականը՝ իր ծննդավայրը Տիարպաքըրէն մինչեւ Իսթանպուլ։ «Քարշը ֆիլմ» ընկերութեան կողմէ պատրաստուած այս փաստավաւերագրական գործը միջոց մը առաջ պիտի ցուցադրուէր Իսթանպուլի 34-րդ ֆիլմերու փառատօնին շրջագծով, սակայն աւելի վերջ յետս կոչուած էր այդ ծրագիրը։ Այս ժապաւէնի պատրաստութեան նպատակներէն մին է Թուրքիոյ մէջ խրախուսել հասարակական համերաշխութիւնն ու բազմազանութիւնը եւ հաւաքական յիշողութեան մէջ նպաստել՝ ոչնչացածներու կամ ոչնչացուածներու դիրքաւորման։