ՔԱՋԱԼԵՐԱՆՔ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՈՒԹԵԱՆ

Օր­թա­գիւ­ղի Ս. Աս­տուա­ծա­ծին ե­կե­ղեց­ւոյ թա­ղա­յին խոր­հուր­դը վեր­ջին տա­րի­նե­րուն բազ­մաբ­նոյթ ծրագ­րեր կեան­քի կո­չե­լով միշտ կը ձգտի խրա­խու­սել մեր մատ­ղաշ սե­րուն­դը։ Մշա­կու­թա­յին ծրագ­րե­րու հո­վա­նա­ւո­րու­թե­նէն սկսեալ, մին­չեւ հա­մալ­սա­րա­նա­կան ե­րի­տա­սարդ­նե­րու հա­մար տրուած կրթա­թո­շակ­նե­րը՝ բազ­մա­թիւ ա­ռանցք­նե­րու շուրջ կը գոր­ծադ­րուին ջան­քեր, ո­րոնք գնա­հա­տան­քի կ՚ար­ժա­նա­նան հա­մայն­քա­յին շրջա­նակ­նե­րուն կող­մէ։ Այս ամ­բող­ջին մէջ Օր­թա­գիւ­ղի ըն­տա­նի­քը ա­ռանձ­նա­պէս կը կա­րե­ւո­րէ հա­մալ­սա­րա­նա­կան ե­րի­տա­սարդ­նե­րուն հա­մար յատ­կա­ցուած կրթա­թո­շակ­նե­րը։ Սա մեր ե­րի­տա­սար­դու­թեան պատ­րաս­տու­թեան եւ իր ի­տէալ­նե­րու ճա­նա­պար­հով ըն­թաց­քին տե­սա­կէ­տէ կա­րե­ւոր աշ­խա­տանք մըն է եւ այս ուղ­ղու­թեամբ Օր­թա­գիւ­ղի ըն­տա­նի­քին կող­մէ բե­րուած նպաս­տը ան­տա­րա­կոյս ու­նի շատ կա­րե­ւոր նշա­նա­կու­թիւն։

Թէ՛ Օր­թա­գիւ­ղի ըն­տա­նի­քը եւ թէ ընդ­հան­րա­պէս մեր հա­մայն­քը այդ ե­րի­տա­սար­դու­թեան վրայ մեծ յոյս դրած են՝ մեր ա­պա­գայ հա­ւա­քա­կան կեան­քի ար­դիւ­նա­ւէտ ու թարմ ու­ժե­րով յա­ռաջ մղուե­լուն տե­սան­կիւ­նէն։

2014-2015 կրթա­կան շրջա­նի ա­ւար­տին, շա­բա­թա­վեր­ջին, Օր­թա­գիւ­ղի ըն­տա­նի­քը մաս­նա­ւոր հան­դի­սու­թիւն մը կազ­մա­կեր­պեց՝ իր կրթա­թո­շա­կա­ռու հա­մալ­սա­րա­նա­կան­նե­րուն հա­մար։ Այս առ­թիւ բազ­մա­տաս­նեակ հա­մալ­սա­րա­նա­կան­ներ հա­մախմ­բուե­ցան Օր­թա­գիւ­ղի մէջ, ուր ի­րենց հա­մար կազ­մա­կեր­պուած հա­ւա­քոյ­թը ստեղ­ծեց մեծ ո­գե­ւո­րու­թիւն։ Յայ­տագ­րի ա­ռա­ջին բա­ժի­նը գոր­ծադ­րուե­ցաւ Թարգ­ման­չաց վար­ժա­րա­նին մէջ, ուր­կէ բո­լո­րը ան­ցան թա­ղի Ս. Աս­տուա­ծա­ծին ե­կե­ղե­ցին եւ ի վեր­ջոյ յա­րա­կից սրա­հը։ Ներ­կայ էին Տ. Մա­ղա­քիա Ա­բե­ղայ Պես­քի­սի­զեան, Ս. Աս­տուա­ծա­ծին ե­կե­ղեց­ւոյ թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պետ Իս­քէն­տէր Շա­հին­կէօզ եւ իր ըն­կեր­նե­րը, վար­ժա­րա­նի տնօ­րէն Ա­րաս Տե­լի­ճէ եւ Օր­թա­գիւ­ղի ըն­տա­նի­քէն այլ զա­նա­զան դէմ­քեր։ Հան­դի­սու­թեան բաց­ման ե­լոյ­թով մը հան­դէս ե­կաւ Թա­լին Պէր­պէ­րեան։ Ա­պա ե­լոյթ­ներ ու­նե­ցան Իս­քէն­տէր Շա­հին­կէօզ, Տ. Մա­ղա­քիա Ա­բե­ղայ Պես­քի­սի­զեան, Ա­րաս Տե­լի­ճէ եւ Ար­թիւր Պաղ­տա­սա­րեան։ Հա­մալ­սա­րա­նա­կան­նե­րուն ա­նու­նով ալ ար­տա­յայ­տուե­ցաւ Ար­թիւր Գափ­լան։ Հա­մալ­սա­րա­նա­կան­նե­րուն այս առ­թիւ կոչ ուղ­ղուե­ցաւ, որ­պէս­զի ա­նոնք ան­պայ­ման մաս­նակ­ցու­թիւն բե­րեն հա­մայն­քա­յին կեան­քին, ներ­կա­յաց­նեն նո­րա­նոր ծրագ­րեր եւ ինք­զինք­նին չսահ­մա­նա­փա­կեն նպաս­տըն­կա­լի դիր­քի մէջ։ Մաս­նա­ւո­րա­պէս Իս­քէն­տէր Շա­հին­կէօզ ընդգ­ծեց, թէ մե­ծա­պէս կը կա­րե­ւո­րեն նոր սե­րուն­դին գա­ղա­փար­նե­րը ու կ՚ու­զեն օգ­տուիլ ե­րի­տա­սարդ­նե­րու հո­րի­զոն­նե­րէն։

Այս հա­ւա­քոյ­թին ըն­թաց­քին, որ­պէս խորհր­դան­շա­կան կեր­պար՝ ե­րի­տա­սարդ­նե­րը հա­ղորդ դար­ձան նաեւ ե­րախ­տա­շատ ու ան­մո­ռա­նա­լի ազ­գա­յին գոր­ծի­չի մը՝ հո­գե­լոյս Յա­րու­թիւն Ա­մի­րա Պէզ­ճեա­նի կեան­քին ու գոր­ծու­նէու­թեան։ Ար­դա­րեւ, Օր­թա­գիւ­ղի մէջ բնա­կած Յա­րու­թիւն Ա­մի­րա Պէզ­ճեա­նի օ­րի­նա­կը իս­կա­պէս ու­սում­նա­սի­րե­լի է մեր այ­սօ­րուան սե­րունդ­նե­րուն տե­սա­կէ­տէ։ Ե­րի­տա­սարդ­ներն ալ հե­տաքրք­րու­թեամբ հե­տե­ւե­ցան Յա­րու­թիւն Ա­մի­րա Պէզ­ճեա­նի կեան­քին վե­րա­բե­րեալ պատ­րաս­տուած պար­քո­վի­զիո­նի ցու­ցադ­րու­թեան։

Ա­ւե­լի վերջ, Ս. Աս­տուա­ծա­ծին ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ ա­նոնք մէկ­տե­ղուե­լով տե­սան Յա­րու­թիւն Ա­մի­րա Պէզ­ճեա­նէ մնա­ցած զա­նա­զան ի­րե­ղէն­ներ եւ զգեստ­ներ։ Ա­ւան­դա­տու­նէն դուրս բե­րուած այդ զգեստ­նե­րուն եւ ի­րե­ղէն­նե­րուն վրայ տղա­քը հե­տաքրք­րու­թեամբ տե­սան յի­շա­տա­կա­րան­նե­րը, ո­րոնց մէջ շեշ­տուած էին Յա­րու­թիւն Ա­մի­րա Պէզ­ճեա­նի ներդ­րած ջան­քե­րը։ Օր­թա­գիւղ­ցի­նե­րը այս հանգ­րուա­նին շեշ­տե­ցին, որ մեծ կա­րե­ւո­րու­թիւն կ՚ըն­ծա­յեն այդ բո­լո­րի խնամ­քին նկատ­մամբ։

Ա­ւե­լի վերջ ե­կե­ղեց­ւոյ յա­րա­կից սրա­հին մէջ սար­քուե­ցաւ ըն­դու­նե­լու­թիւն մը, որ ա­ռիթ հան­դի­սա­ցաւ ջերմ զրոյ­ցի եւ կրթա­թո­շա­կա­ռու ե­րի­տա­սարդ­նե­րուն յու­շա­նուէր­ներ ալ յանձ­նուե­ցան Օր­թա­գիւ­ղի ըն­տա­նի­քին կող­մէ։

 

Երկուշաբթի, Յունիս 29, 2015