Երկուշաբթի 24, Փետրուար 2025
ԱՏԱՄՆԱԲՈՅԺ ՄԿՐՏԻՉ ԿԻՒԼԷԶԵԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑ ԹՈՓԳԱԲՈՒԻ ԼԵՒՈՆ-ՎԱՐԴՈՒՀԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԸ
Ատամնաբոյժ Մկտրիչ Կիւլէզեան նախընթաց օր այցելեց Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանը, ուր քննեց աշակերտները։ Ան ջերմ մթնոլորտի մը մէջ ընդունուեցաւ դպրոցէն ներս եւ աշակերտներուն ատամները քննելու առընթեր խորհուրդներ տուաւ ակռաներու եւ ընդհանրապէս բերնի խնամքին առընչութեաբ։ Կիւլէզեան անդրադարձաւ նաեւ այն միջոցներուն, որոնք կրնան կանխել ատամներու վաղահաս փտումը։
Հինգշաբթի, Մարտ 3, 2016