ՄԷՐԱՄԷԹՃԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ՀԱՆԴԷՍ

Ե­րէկ, Ֆէ­րի­գիւ­ղի Մէ­րա­մէթ­ճեան վար­ժա­րա­նին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ ա­ռա­ջին դա­սա­րան­նե­րու ըն­թերց­ման տօ­նը։ Վար­ժա­րա­նէն ներս մեծ ո­գե­ւո­րու­թեան ա­ռիթ հան­դի­սա­ցաւ այս հան­դէ­սը, ո­րու ըն­թաց­քին շնոր­հա­ւո­րու­թեան եւ գնա­հա­տան­քի խօսք մը ար­տա­սա­նեց տնօ­րէ­նու­հի Ար­փի Մա­նու­կեան։ Ար­տա­յայ­տուե­ցան նաեւ ու­սուց­չու­հի­ներ Գա­րօ­լին Պա­րաք եւ Մա­րալ Էօզ­տաղ։ Յա­նուն ծնող­նե­րուն ե­լոյթ մը ու­նե­ցաւ Դա­լար Տո­լար։ Փոք­րիկ­նե­րը գոր­ծադ­րե­ցին յայ­տա­գիր մը, ո­րու շրջագ­ծով հան­դէս ե­կան եր­գե­րով, պա­րե­րով ու թա­տե­րակ­նե­րով՝ ար­ժա­նա­նա­լով ծա­փա­հա­րու­թիւն­նե­րու։ Ա­նոնց ե­լոյթ­նե­րու ա­ւար­տին Ծնո­ղաց միու­թեան ա­տե­նա­պե­տու­հի Ժա­նէթ Ար­ծի­ւեան յանձ­նեց նուէր­ներ։ Հուսկ, ծա­փող­ջոյն­նե­րու ներ­քեւ հա­տուե­ցաւ կար­կան­դակ մը եւ յա­ջոր­դած ըն­դու­նե­լու­թեան ըն­թաց­քին բո­լո­րը փոք­րիկ­նե­րուն յա­ջո­ղու­թեան մաղ­թանք­ներ յղե­ցին՝ կրթա­կան կեան­քի ա­պա­գայ հանգ­րուան­նե­րուն հա­մար։

Չորեքշաբթի, Յունիս 3, 2015