ԺԱՄԱՆԱԿ-Ի ԸՆԹԵՐՑՈՂՆԵՐՈՒ ՈՒՇԱԴՐՈՒԹԵԱՆ
Այսու կու գանք մեր սիրեցեալ ընթերցողներուն տեղեկացնել, որ այսօրուընէ սկսեալ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի գինը ակամայ կը բարձրանայ 2 լիրայի։ Ինչպէս ծանօթ է, թերթիս վարչութիւնը միշտ հետամուտ եղած է ԺԱՄԱՆԱԿ-ի գինը կայուն եւ անփոփոխ պահելու։ Արդէն շատ երկար տարիներէ ի վեր ԺԱՄԱՆԱԿ-ի փոխարժէքը որեւէ փոփոխութեան չէր ենթարկուած՝ հակառակ բոլոր տեսակի դժուարութիւններուն։ Թէեւ վարչութիւնս միշտ առաւելագոյնը կ՚ընէ, որպէսզի մեր ընթերցողներուն զոհողութիւնը անհրաժեշտ չդառնայ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի դիմագրաւած դժուարութիւններու պարագային, սակայն, այսօր այլեւս ներկայ կարգադրութիւնը դարձած է անհրաժեշտ։ Հրապարակի այժմու պայմաններով արդէն աւելորդ է յաւելեալ հիմնաւորումներու մասին խօսիլ, ուստի այսօրուընէ սկսեալ ԺԱՄԱՆԱԿ-ը նոր սակագինով կը տրամադրուի մեր ընթերցողներուն։
Կը սիրենք յուսալ, թէ մեր սիրելի ընթերցողներն ալ, որոնք ԺԱՄԱՆԱԿ-ի միակ ապաւէնը կը հանդիսանան, հասկացութեամբ կ՚ընկալեն վարչութեանս կողմէ ակամայ առնուած այս քայլը։