ՊԵՏՐՈՍ ՇԻՐԻՆՕՂԼՈՒ. «ՆԵՐԿԱՅ ՄԹՆՈԼՈՐՏԸ ՆՈՒՐԲ Է, ՊԷՏՔ Է ՍՊԱՍԵԼ ՅԱՐՄԱՐ ՇՐՋԱՆԻՆ»

Սուրբ Փրկիչ Ազ­գա­յին հի­ւան­դա­նո­ցի հո­գա­բար­ձու­թեան ա­տե­նա­պետ Պետ­րոս Շի­րի­նօղ­լու, որ միեւ­նոյն ժա­մա­նակ կը գլխա­ւո­րէ Հա­մայն­քա­յին վա­քըֆ­նե­րու հար­թա­կը, մաս­նակ­ցած է փոք­րա­մաս­նա­կան հա­մայնք­նե­րու աշ­խար­հա­կան ղե­կա­վար­նե­րու սոյն խորհր­դակ­ցու­թեան։ Այս ժո­ղո­վին կա­պակ­ցու­թեամբ ան մե­զի յայտ­նեց, թէ Վա­քըֆ­նե­րու ընդ­հա­նուր տնօ­րէն Ատ­նան Էր­թէմ ը­սած է, որ այս խնդրին լուծ­ման հաս­նիլ կա­րե­լի կրնայ չըլ­լալ մէկ-մէ­կու­կէս տա­րիէն ա­ռաջ։ «Այ­սօ­րուան մթնո­լոր­տը նուրբ է։ Պէտք է սպա­սել յար­մար շրջա­նին։ Ժո­ղո­վի ըն­թաց­քին հրեայ հա­մայն­քի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներն ալ ար­տա­յայ­տե­ցին այս­պի­սի մօ­տե­ցում», ը­սաւ Պետ­րոս Շի­րի­նօղ­լու։

Հինգշաբթի, Յուլիս 30, 2015