ԱՆՄԻՋԱԿԱՆ ԱՍՈՒԼԻՍ
ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեան երէկ հիւրընկալուեցաւ Էսաեան վարժարանին մէջ։ Մայրենի լեզուի համաշխարհային օրուան շարժառիթով Էսաեան վարժարանէն ներս կազմակերպուած ոգեւոր հաւաքոյթի մը մասնակցութիւն բերաւ Արա Գօչունեան, որ երիտասարդներուն հետ զրուցեց անմիջական ասուլիսի մը ձեւաչափին մէջ։ Վարժարանի լիսէի դասարաններէն աշակերտներ մասնակցեցան այս ձեռնարկին, որու կազմակերպչական աշխատանքները իրականցուած էին հայերէնի ուսուցչուհի Մարալ Էպէօղլու Սաթարի հսկողութեան ներքեւ։ Ներկայ գտնուեցան Էսաեան վարժարանի տնօրէնուհի Սաթենիկ Նշան եւ ուսուցչական կազմէն դէմքեր։
Յայտագրի բացումը կատարեց աշակերտներէն Էտկար Իգիթեան։ Աւելի վերջ ցուցադրուեցաւ հակիրճ տեսանիւթ մը՝ Արա Գօչունեանի կեանքին ու գործունէութեան մասին։
Ապա սկսաւ բուն զրոյցը, որ տեւեց աւելի քան մէկուկէս ժամ։ Տղաքը զանազան հարցումներ ուղղեցին թերթիս խմբագրին, որ սպառիչ պատասխաններով յագեցուց անոնց հետաքրքրութիւնը։ Լեզուի եւ ինքնութեան նիւթերէն սկսեալ մինչեւ համայնքին ու լայն հասարակութեան յարաբերութիւնները, ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի պատմութենէն եւ այժմու գործունէութենէն սկսեալ՝ մինչեւ մարզական շարժումներ՝ բազմակողմանի ու ջերմ զրոյց մըն էր այս մէկը, որու ընթացքին էսաեանցի աշակերտներուն եւ թերթիս խմբագրին միջեւ հաստատուեցաւ իսկական հաղորդակցութիւն մը։
Հաւաքոյթի աւարտին փակման խօսք մը արտասանեց տնօրէնուհի Սաթենիկ Նշան, որ բարձր գնահատեց ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի գործունէութիւնը եւ յաջողութիւն մաղթեց գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեանին։