ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐԵՐ
Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց թաղային խորհուրդը՝ գլխաւորութեամբ Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց քարոզիչ Տ. Շնորհք Աբեղայ Տօնիկեանի եւ թաղի քահանայից դասէն Տ. Միւռոն Ա. Քհնյ. Այվազեանի այցելեց Պատրիարքարան, ուր ընդունուեցաւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի կողմէ։
Թաղային խորհուրդի ներկայացուցիչները յայտնեցին, որ Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ անուան տօնախմբութիւնը այս տարի կը զուգադիպի 24 Մայիս, Կիրակի, Հոգեգալուստի տօնին։ Անոնք օրուան կրօնական եւ աշխարհիկ հանդիսութեանց համար խնդրեցին Պատրիարքական Աթոռոյ հովանաւորութիւնը եւ տեղեկութիւն տուին Պէյօղլուի Ս. եկեղեցեաց եւ Էսայեան վարժարանի մէջ կատարուած աշխատութեանց մասին։
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Սրբազան Հայրը սիրով ընդառաջեց եղած խնդրանքին, կարողութիւն եւ յաջողութիւն մաղթեց Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի անդամներուն, իրենց աստուածահաճոյ ու եկեղեցանուէր գործունէութեանց մէջ։
Բաց աստի, Ենիգիւղի Գիւտ Տփոյ Ս. Աստուածածնի եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի անդամները՝ եկեղեցւոյ երէց Տ. Եղիշէ Վրդ. Ուչքունեանի գլխաւորութեամբ այցելեցին Պատրիարքարան, ընդունուեցան Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի կողմէ։
Այցելութեան նպատակն էր եկեղեցւոյ տարեկան տօնախմբութեան համար հովանաւորութիւնը խնդրել Պատրիարքական Աթոռոյ։ Այցելուները տեղեկութիւներ տուին նաեւ իրենց գործունէութենց մասին։ Նորին Սրբազնութիւնը կարողութիւն մաղթեց անոնց։ Եկեղեցւոյ տարեկան տօնախմբութիւնը այս տարի տեղի պիտի ունենայ Մայիսի 25-ին, Հոգեգալուստի տօնին։
Մինչ այդ, Եւրոմիութեան Խորհուրդի Թուրքիոյ տեղեկաբեր Ժոզեթթէ Տուրրիէու վերջերս քաղաքավարական այցելութիւն մը տուաւ Պատրիարքարան՝ ուր ընդունուեցաւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի կողմէ։
Ան փափաքած էր փոքրամասնութեանց հոգեւոր առաջնորդներուն հետ տեսակցիլ։ Այս շրջագծով այցելած էր նաեւ թրքահայոց հոգեւոր կեդրոնը։ Հան-դիպման ընթացքին փոքրասնութեանց հետ առընչուած հարցերու եւ դարձեալ նոյն նիւթերու շուրջ եղած զարգացումներու մասին տեղեկութիւններ ստացաւ։ Նորին Սրբազնութիւնը ողջունեց Ժոզեթթէ Տուրրիէուի ներկայութիւնը եւ կարճ տեղեկութիւններ փոխանցեց Թուրքիոյ հայ համայնքի մասին։ Սրբազան Հայրը յայտնեց թէ վերջին շրջաններուն դրական զարգացումներ արձանագրուած են յօգուտ փոքրամասնութեանց։
Միւս կողմէ, ԱՔ կուսակցութեան Իսթանպուլի երեսփոխանական թեկնածու՝ Մարգար Էսայեան վերջերս փափկավարական այցելութիւն մը տուաւ Պատրիարքարան, ուր ընդունուեցաւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի կողմէ։ Մարգար Էսաեան տեղեկութիւններ փոխանցեց իր ծրագիրներուն մասին։ Սրբազան Հայրը ուրախութիւն յայտնեց՝ որպէս հայ երեսփոխանական թեկնածու մը տեսնելով եւ Մարգար Էսայեանին յաջողութիւն մաղթեց իր ապագայ գործունէութեանց մէջ։