ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՀԱՒԱՔ
Ֆէրիգիւղի «Շիրինօղլու» սրահին մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ յատկանշական հաւաքոյթ մը, որ համախմբեց ինչպէս թրքահայ ազգային-եկեղեցական շրջանակներէն բազմաթիւ դէմքեր, այնպէս ալ Թուրքիոյ ոչ-իսլամ փոքրամասնութիւններու ներկայացուցիչներ։ Մօտալուտ ընտրութիւններուն ընդառաջ այս ձեռնարկը կազմակերպուած էր ի զօրակցութիւն տքթ. Սեւան Սվաճըօղլուի, որ ԱՔ կուսակցութեան կողմէ երեսփոխանի թեկնածու առաջադրուած է Իսթանպուլի Բ. ընտրաշրջանէն 9-րդ հորիզոնականի վրայ։ Մտերմիկ ընդունելութեան մը ձեւաչափին մէջ կազմակերպուած երեկոյթին նախագահեց Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, որու կողքին էր Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։ Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի տանտիրութեամբ կազմակերպուած այս զօրակցութեան հաւաքոյթին ժամանակ տքթ. Սեւան Սվաճըօղլու համակրանքով շրջապատուեցաւ ներկաներուն կողմէ։ Բազմաթիւ ծանօթ բարերարներ, ազգայիններ, համայնքային մարմիններու ներկայացուցիչներ եւ այլ ծանօթ դէմքեր ընտրութիւններուն ընդառաջ առիթն ունեցան զրուցելու Սեւան Սվաճըօղլուին հետ, որ միջոցէ մը ի վեր արդէն ԱՔ կուսակցութեան Կեդրոնական գործադիր մարմնին մաս կը կազմէ եւ համայնքային խնդիրներու լուծման ուղղութեամբ կը ջանայ իր նպաստը բերել։ Ան այս պահու դրութեամբ մեր համայնքէն եւ ընդհանրապէս Թուրքիոյ փոքրամասնութիւններէն միակ դէմքն է, որ խորհրդարան մուտք գործելու իսկական հնարաւորութիւնը ունի։
Երէկուան երեկոյթի ընթացքին ողջոյնի խօսքերով հանդէս եկան Ֆէրիգիւղի եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Մանուկ Էօղէր եւ Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։ Տքթ. Սեւան Սվաճըօղլուն ալ ներկաներուն հետ բաժնեց իր խոհերն ու զգացումները՝ մօտալուտ ընտրութիւններուն ընդառաջ արտայայտեց իր դիտարկումներն ու պահանջեց բոլորին աջակցութիւնը։ Ան բացատրեց ԱՔ կուսակցութեան կողմէ որդեգրուած մօտեցումները երկրի փոքրամասնութիւններուն նկատմամբ։ Իր խօսքով՝ այս կուսակցութիւնը զգայնութիւն կը ցուցաբերէ երկրի զանազանութեան նկատմամբ։
Հուսկ, օրհնութեան խօսքով մը հանդէս եկաւ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, որ դրուատեց Սեւան Սվաճըօղլուի արժանիքները եւ ընդգծեց, որ ան ցարդ որքան նրբանկատ վարուած է թէ՛ մեր համայնքին եւ թէ ընդհանրապէս փոքրամանութիւններուն վերաբերեալ հարցերուն շուրջ։ Նորին Սրբազնութիւնը դէպի խորհրդարան բարի երթ մաղթեց տքթ. Սեւան Սվաճըօղլուին՝ վստահութիւն յայտնելով, թէ ընտրուելու պարագային ան պիտի արդարացնէ իր վրայ դրուած յոյսերը թէ՛ ընդհանրապէս երկրին եւ թէ մեր համայնքին ու փոքրամասնութիւններուն ծառայութեան տեսակէտէ։