ՏՕՆԱԿԱՆ ԸՆԴՈՒՆԵԼՈՒԹԻՒՆ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ մասնակցեցաւ Իտալիոյ Ազգային տօնին առթիւ քաղաքիս մէջ կազմակերպուած պաշտօնական ընդունելութեան։ Հաւաքոյթը տեղի ունեցաւ Պէյօղլուի Վենետիկի պալատին մէջ, որու համալիրէն ներս խարսխուած են թէ՛ Իտալիոյ Իսթանպուլի հիւպատոսարանը եւ թէ յարակից պաշտօնական բնակարանը, որ կը պատկանի Անգարայի մօտ Իտալիոյ դեսպանութեան։

Ընդունելութեան ընթացքին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը շնորհաւորեց Անգարայի մօտ Իտալիոյ դեսպան Ճիորճիօ Մարափոտին եւ Իսթանպուլի աւագ հիւպատոս Էլէնա Քլեմենթը, որոնք ջերմ վերաբերմունք ցուցաբերեցին իրեն նկատմամբ։

Հաւաքոյթին ներկայ էին գործարար աշխարհէ, դիւանագիտական շրջանակներէ դէմքեր, հասարակական գործիչներ, մտաւորականներ, այլ բազմաթիւ հիւրեր, ինչպէս նաեւ հոգեւոր առաջնորդներ։ Նորին Ամենապատուութեան ընկերացաւ գաւազանակիր Տ. Գասպար Աբեղայ Կարապետեան։

Երեքշաբթի, Յունիս 4, 2024