ՕՐԹԱԳԻՒՂԻ ԹԱՐԳՄԱՆՉԱՑ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՒԹԵԱՄԲ ԱՆԳԼԵՐԷՆՈՎ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆ
Օրթագիւղի Թարգմանչաց վարժարանի տնօրէնութեան նախաձեռնութեամբ, «Սիւլէյման Սեպա» մշակոյթի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ անգլերէնով հանդիսութիւն մը, որ կազմակերպուած էր դպրոցի անգլերէնի ուսուցիչներուն կողմէ։ Ձեռնարկին ներկայ գտնուեցան Օրթագիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդէն Անի Մալաթեալը, Պէշիկթաշի քաղաքապետարանի խորհրդատու Նուրհան Փալաքօղլու, վարժարանի տնօրէն Մուրատ Մարաշ, համայնքային վարժարաններէն կրթական մշակներ եւ Թարգմանչաց վարժարանի սաներ։
Տնօրէն Մուրատ Մարաշ հանդէս եկաւ ողջոյնի խօսքով մը, որմէ վերջ գործադրուեցաւ յայտագիրը, որու ընթացքին տղաքը հանդէս եկան գնահատելի յաջողութեամբ։ Նախագիծը, ընդհանուր առմամբ, անգլերէնով թատերական ներկայացման մը ձեւաչափին մէջ նախատեսուած էր։
Հուսկ, դերասանները զրուցեցին տղոց հետ եւ պատասխանեցին անոնց զանազան հարցումներուն։