«ԲԱՑԱԿԱՅ» ՆԿԱՐՆԵՐՈՒ ՇԱՐՔ
«Անատոլու քիւլթիւր»ի հովանաւորութեամբ գործող Թոփհանէի «Թիւթիւն տեփոսու» մշակոյթի կեդրոնի երդիքին տակ երէկ երեկոյեան բացուեցաւ մեր գեղարուեստական կեանքի համակրելի դէմքերէն Գրիգոր Սահակօղլուի ցուցահանդէսը։ «Տեփօիսթանպուլ»ի համալիրէն ներս Գրիգոր Սահակօղլու այս շրջագծով կը ներկայացնէ լռութեան եւ պակասութեան նկարներ։ «Բացակայ» խորագրեալ այս ցուցահանդէսը կ՚ընդգրկէ հեղինակին 39 ստեղծագործութիւնները, ինչպէս նաեւ համանուն տեսաերիզ մը։
Իր անհատական ցուցահանդէսին առթիւ Գրիգոր Սահակօղլու կու տայ այն պատգամը, թէ այսօր իւրաքանչիւր հայու տունէն ներս զգալի է պարապութիւն մը, նոյնիսկ ամենաերջանիկ սեղանին շուրջ։ Այս մէկը ժողովուրդի մը պակասաւոր մնացած ըլլալու պատմութիւնն է։ Այդ պակասութիւնը կը բխի նաեւ այն հանգամանքէն, որ ըստ արժանւոյն կարելի չ՚ըլլար ապրիլ սուգ մը։ Այլ խօսքով, առանց այլանալու կեանք մը շարունակելու կարօտն է այս մէկը։ Ի դէպ, այս զգացումը ցոլացումն է ցաւի մը, մտահոգութեան մը, որ կը փոխանցուի սերունդէ սերունդ։ Այս հոգեվիճակը կը ձգտի ժամանակի ընթացքին մոռնալու, սակայն չի յաջողիր։ Ցաւը միշտ կը մնայ առկայ, անշուշտ, հեղինակի խօսքով՝ ինքնահրաժարածներու բացառութեամբ։ Սա, բառին բուն իմաստով, հոգու ցաւ մըն է։ Գրիգոր Սահակօղլուի բանաձեւումով՝ այդ ցաւը չ՚արտայայտուիր որեւէ լեզուով ու կը պարտադրէ լռութիւն։
Գրիգոր Սահակօղլու այս խոհերուն հետ ուղիղ համեմատութեան մէջ գեղարուեստասէրներուն կը հրամցնէ իր զգացումներու պոռթկումը։ Խտացեալ եւ անկաշկանդ վրձինի հարուածներով ան ստեղծագործած է՝ ըստ էութեան օգտագործելով սեւն ու կարմիրը։
2015 թուականի տարելիցի մթնոլորտին մէջ կ՚արժեւորուի Գրիգոր Սահակօղլուին ցուցահանդէսի պատգամը։ Իր ստեղծագործութիւնները խորաթափանց ներաշխարհի մը դրսեւորումը դարձած են՝ այն համոզման հիման վրայ, թէ ներկայ 100-ամեակը բացակայութեան, պակաս մնալու հէքեաթ մը կը պարփակէ։ Եւս առաւել, այդ հէքեաթը կը ներառնէ հակառակ ամէն ինչի գոյատեւելը, գոյատեւելու համար դիմադրութիւնը։
Գրիգոր Սահակօղլուի ցուցահանդէսը բաց պիտի մնայ մինչեւ Մարտի 29-ը։