ԼՈՒՍԱՆԿԱՐԻՉ ՆՈՒՐԱՆ ԱՔՔԱՅԱՅԻ «ՀԱՅԵՐ» ԳԻՐՔԸ
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ «Ալէֆ» հրատարակչատունը լոյս ընծայած է արժէքաւոր լուսանկարիչ Նուրան Աքքայայի գիրքը, որ կը կոչուի «Հայեր»։ Նուրան Աքքայայի «Հայեր»ը արդիւնքն է շուրջ եօթ տարուան բազմակողմանի աշխատանքի մը։ Փաստավաւերագրական լուսանկարչութեան բնագաւառին մէջ ուշագրաւ աշխատանք մը տարած է Նուրան Աքքայա, որ իր գիրքին մէջ կը ցոլացնէ Թուրքիոյ մէջ մնացած հայկական ժառանգութեան հետքերը։ Թէ՛ Իսթանպուլի եւ թէ հայաշատ պատմական գաւառներուն մէջ ան կատարած է նկարահանումներ։ Իր ոսպնեակը ուղղած է դէպի յատկանշական վայրեր կամ անհատներ, անտարբերութեան չմատնելով նաեւ վերջին շրջաններու շարք մը կարեւոր իրադարձութիւնները։ Նուրան Աքքայայի նկարահանումները ունեցած են իսկապէս ողջունելի արդիւնք մը, որովհետեւ ան յաջողած է նոր աչքով մը, թարմ հայեացքով մը վերարժեւորել մեր ժառանգութիւնը, մշակոյթի հետքերով հանդերձ։
Հայերէն, թրքերէն, անգլերէն եւ ֆրանսերէն լեզուներով լոյս ընծայուած է Նուրհան Աքքայայի գիրքին։ Հալուք Չոպանօղլուի կողմէ համակարգուած ու խմբագրուած ծրագրին հիման վրայ Նուրան Աքքայա յաջողած է խորաթափանց ձեւով ցոլացնել նաեւ Թուրքիոյ մէջ մնացած հայոց զգացումները։ Ճիշդ է, որ հաւաքական ինքնութեան տեսանկիւնէն այդ զգացումներուն կարեւոր մասը պայմանաւորուած են հաստատութիւններով, խորհրդանշուած են ճարտարապետական ժառանգութեամբ, սակայն Նուրան Աքքայայի ուշադրութենէն չէ վրիպած նաեւ անհատը՝ իր ապրումներով եւ մարդկային ամենայն հարթութեամբ։
Հեղինակին ստեղծագործական աշխատանքը արժեւորուած է նաեւ շնորհիւ գիրքի գեղարուեստական ձեւաւորման, զոր իրականացուցած են Տիլէք Թիւրքմէն եւ Տենիզ Չորպաճըօղլու՝ երկուքն ալ «Աչըք օֆիս»էն։
Նուրան Աքքայայի գիրքին համար յառաջաբաններ գրի առած են Արսէն Եարման եւ Թանըլ Պորա։
Հարկ է նշել, որ այս գործը կարելի է տրամադրել քաղաքիս բոլոր յառաջատար գրախանութներէն։