ՊԻՒՅԻՒՔՏԷՐԷԻ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԸՆՏՐՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ ՉՈՐՍ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ ՔՈՒԷԱՏՈՒՓ ՊԻՏԻ ԶԵՏԵՂՈՒԻ

Պիւյիւքտէրէի Ս. Հռիփսիմեանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ընտրութեան վերաբերեալ գործընթացը կը շարունակէ համայնքային շրջանակներու անմիջական ուշադրութեան առարկայ դառնալ։ Այժմու թաղային խորհուրդը կազմած է ինքնուրոյն ընտրական մարմին մը, որու գրեթէ բոլոր անդամները մեր համայնքէն դուրս դէմքեր են։ Ընտրական կանոնադրութիւնով նախատեսուած ժամկէտները Պիւյիւքտէրէի պարագային կաղացումներու կ՚ենթարկուին եւ խնդրոյ առարկայ կը դառնան այլ զանազան թերութիւններ։ Ի լրումն այս բոլորին, Պիւյիւքտէրէի ընտրական մարմինը թաղային խորհուրդի ընտրութեան համար որոշած էր միայն այս եկեղեցւոյ մէջ քուէատուփեր զետեղել, ինչ որ համայնքէն ներս անհանգստութիւն յառաջացուցած էր։ Իսթանպուլի Բ. ընտրաշրջանի ամբողջ ներուժը հաշուի առնելով՝ այսպիսի քայլ մը արդէն լուրջ դժուարութիւններ պիտի յառաջացնէր գործնականօրէն։ Համայնքային շրջանակներու համատարած անհանգստութիւնը հաշուի առնելով՝ Թրքահայ վաքըֆներու միութիւնն (ERVAB) ալ շաբաթավերջին պաշտօնական յայտարարութիւն մը հրապարակած էր Պիւյիւքտէրէի կացութեան շուրջ։

Այս բոլորէն վերջ շաբաթավերջին ընկերային ցանցերու մէջ շրջանառութեան մէջ մտաւ Պիւյիւքտէրէի ընտրական մարմնի նախագահ Լալէ Թունչի ստորագրութիւնով յայտարարութիւն մը։ Այս առթիւ տեղեկացուեցաւ, որ 17 դեկտեմբեր 2022 թուականին նախատեսուած ընտրութեան համար 4 կէտերու վրայ քուէատուփեր պիտի զետեղուին։ Այսպէս, բացի Պիւյիւքտէրէի Ս. Հռիփսիմեանց եկեղեցիէն, Գուրուչէշմէի Երեւման Ս. Խաչ եկեղեցւոյ, Ռումելիհիսարի Ս. Սանդուխտ եկեղեցւոյ եւ Էյուպի Ս. Եղիա եկեղեցւոյ մէջ եւս քուէատուփեր զետեղուած պիտի ըլլան։

Յայտարարութեան մէջ նշուած է, որ այս 4 կէտերուն վրայ բաւարար չափով քուէատուփեր պիտի գտնուին եւ անհրաժեշտութեան պարագային պահեստիներն ալ պիտի օգտագործուին։

ԳՈՒՐՈՒՉԷՇՄԷԷՆ ԼՈՒՍԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆ

Միւս կողմէ, Գուրուչէշմէի եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը ընկերային ցանցերու վրայ երէկ հանդէս եկաւ կարեւոր յայտարարութիւնով մը։ Յանուն թաղային խորհուրդին, իրաւաբան Սարօ Պենկլեան այս առթիւ տեղեկացուց, որ Պիւյիւքտէրէի թաղային խորհուրդի ընտրութեան համար քուէատուփ զետեղելու նպատակով որեւէ պաշտօնական դիմում չէ կատարուած ընտրական մարմնին կողմէ։ Թէեւ Գուրուչէշմէի թաղային խորհուրդը սկզբունքօրէն միշտ պատրաստակամ է այդպիսի կարգադրութեան մը համար, սակայն այս փուլին սոյն լուսաբանութիւնը կատարուած է՝ կանխելու համար համայնքէն ներս հաւանական թիւրիմացութիւնները։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 6, 2022