ԱՐՔՈՒՆԻ ՃԱՐՏԱՐԱՊԵՏՆԵՐ ԲԱՐԵՅԻՇԱՏԱԿ ՊԱԼԵԱՆ ԳԵՐԴԱՍՏԱՆԻ ԱՆԴԱՄՆԵՐՈՒՆ ՈԳԵԿՈՉՈՒՄԸ

«Հայճար»ի նախաձեռնութեամբ, շաբաթավերջին հերթական անգամ ոգեկոչուեցան արքունի ճարտարապետներ Պալեան գերդաստանի հոգելոյս անդամները, որոնց գործերը կը բնորոշեն Իսթանպուլի պատմական դիմագիծը։ Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի ալ հոկտեմբերին Պալեան բարեյիշտակ գերդաստանի անդամները ոգեկոչուեցան՝ Սկիւտարի գերեզմանատան Ս. Կարապետ թաղամասի իրենց յուշակոթող-դամբարանին գլուխը, ուր հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ՝ ձեռամբ Տ. Մելքոն Քհնյ. Փընարճեանի։ Շիրմի բարերար Անուշ Քըրմըզեանն ալ մասնակցութիւն բերաւ արարողութեան, մինչ ստանձնած էր նաեւ այս ոգեկոչման հովանաւորութիւնը։

Հոգեհանգստեան պաշտօնին ներկայ գտնուեցան համայնքային վարիչներ, զանազան վարժարաններէ աշակերտական խումբեր, կրթական մշակներ եւ թրքահայ համայնքէն երախտաշատ անձնաւորութիւններ, որոնց բոլորը իրենց խոնարհումը բերին բարեյիշատակ Պալեան գերդաստանի անդամներու բարոյական ներկայութեան առջեւ։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 7, 2024